image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ «վտանգուած լեզուներ»ու ցանկին մէջ են արեւմատայերէնն ու համշէնի բարբառը

Թուրքիոյ «վտանգուած լեզուներ»ու ցանկին մէջ են արեւմատայերէնն ու համշէնի բարբառը

Թուրքիոյ մէջ, 23 մայիսին մայրենի լեզուով մշակութային իրաւունքներու համար պայքարի  թեմայով ցուցահանդէսի բացում տեղի ունեցած է:

 

Akunq.net–ի փոխանցմամբ՝  1990-ականներէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու պահպանման ուղղութեամբ պայքարի թեմայով սոյն ցուցահանդէսը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը` «Լեզուի մը հետքերով. 90-ականներէն մինչ օրս մշակութային ոլորտի մէջ պայքարը մայրենի լեզուի պահպանման նպատակով»: Ցուցահանդէսը պիտի գորէ մինչեւ այս տարուան Յունիս 17, Պոլսոյ «Քարշը սանաթ» սրահին մէջ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են վերջին 30 տարիներուն այդ բնագաւառին մէջ կատարուած աշխատանքները: Ան առաւելապէս կեդրոնացած է չերքեզերէնի, արեւմտահայերէնի, հայոց լեզուի` Համշէնի բարբառի, քրտերէնի եւ լազերէնի պահպանման ուղղութեամբ կատարուած քայլերու վրայ:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան տուեալներով` Թուրքիոյ մէջ խօսուող շուրջ 20 լեզուներ լիովին վերացման վտանգի տակ են: Անոնց մէջ են արեւմտահայերէնը, Համշէնի բարբառը, պոնտական յունարէնը, ասորերէնը, աբխազերէնը, լազերէնը, չերքեզերէնը գնչուներու կողմէ կիրառուող ռոմաներէնը եւ այլ լեզուներ ու բարբառներ: