image

Թրքական աղբիւրին համաձայն Թրամբ եւ Էրտողան կրնան հանդիպիլ

Թրքական աղբիւրին համաձայն Թրամբ եւ Էրտողան  կրնան հանդիպիլ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը, հնարաւոր է, շուտով ունենան դէմ առ դէմ հանդիպում, որ կայանայ կա՛մ Թուրքիոյ, կա՛մ Ճափոնիոյ մէջ՝  «Մեծ քսանեակ»-ի գագաթնաժողովի շրջանակէն ներս: 


Ինչպէս կը նշէ Hurriyet Daily News-ը, այս մասին յայտարարած է թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը:

Պաշտօնեան պարզաբանած է, որ Էրտողանը Թրամբին Թուրքիա հրաւիրած է, եւ  ի պատասխան ամերիկեան կողմէն «դրական ազդանշաններ» ստացած են:

«Այժմ մենք կ'աշխատինք հանդիպման օրը յստակեցնելու ուղղութեամբ: Դրական ազդակներ կան, սակայն երկկողմ հանդիպման օրը չէ որոշուած»,- աւելցուցած է պաշտօնեան: