image
Հրատապ լուրեր:

Հանրութեան առջեւ ելոյթի համար իրանցի երգչուհիին դէմ ճնշումներ

Հանրութեան առջեւ ելոյթի համար իրանցի երգչուհիին դէմ ճնշումներ

Իրանի մէջ երգչուհիին դատարան կանչած են հանրութեան առաջ մենահամերգ տալէ ետք: Այս մասին կը յայտնէ BBC News-ը՝ յղում ընելով իրանական լրատուամիջոցներուն:

Նեկար Մոազզամը անցեալ շաբաթ երգած է խումբ մը զբօսաշրջիկներու համար Ապիանէ պատմական գիւղին մէջ, որու ընթացքին Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութեան տեղի աշխատակիցները ընդհատած են անոր ելոյթը: Ի դէպ, կը նշուի, որ երգչուհին Սպահան նահանգի ազգային աւանդական տարազով եղած է:

Համապատասխան տեսանիւթը երգչուհին հրապարակած է ընկերային ցանցին մէջ եւ այն արագ տարածուած է հետեւորդներու շրջանակէն ներս, այդ շարքին նաեւ՝ իշխանութիւններու: Instagram-ի մէջ ան 180 000 հետեւորդ ունի:

Տեսանիւթը այնուհետեւ հեռացուած է համացանցէն, երբ անոր կանչած են դատարան:

Սպահանի գլխաւոր դատախազը հաստատած է, որ իր գրասենեակը հետաքննութիւն կը վարէ «առանձին երգող կնոջ» գործով: