image

Այսօր մեծ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան օրն է

Այսօր մեծ շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան օրն է

Ան կը ծրագրէր ելոյթ ունենալ իր ծննդեան 100-ամեակին` 2024 թուականի մայիս 22-ին, սակայն…
Շարլ Ազնաւուր 94 տարեկան էր, ու կը շարունակէր ելոյթ ունենալ աշխարհի տարբեր բեմերու վրայ ու շարունակ աւելցնել իր երկրպագուներու շարքերը, սակայն…
ֆրանսահայ աշխարհահռչակ շանսոնյէ Շարլ Ազնաւուրն այսօր կը դառնար 95 տարեկան: Շատ-շատերն կը ցանկային այսօր անձամբ շնորհաւորել անոր, սակայն…

Շարլ Ազնաւուրի (իսկական անուն-ազգանունը` Վաղինակ Ազնաւուրեան) հայրը` Միշան, ծնած է Վրաստանի Ախալցխա, մայրը` Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքներուն մէջ: Շարլի ընտանիքն ամուր կապուած էր ազգային սովորոյթներուն, մայրենի լեզուին, եկեղեցւոյ: Ծնողները կը մասնակցէին հայերու կազմակերպած թատերական ներկայացումներուն, որոնց ներկայ կ՛ըլլար նաեւ Շարլը: Մանկութենէն ան  մեծ հետաքրքրութիւն ունէր արուեստի հանդէպ: Կը յաճախէր թատերական դպրոց: Ծնողներուն օգնելու համար պատանի Շարլը ելոյթներ կ՛ունենար փոքր ներկայացումներու մէջ, կ՛երգէր  եկեղեցւոյ մէջ:

Աւելի ուշ սկսած է երգեր գրել ժամանակի ճանչցուած երգիչներու համար: 1946 -ին ծանօթացած է հանրայայտ երգչուհի Էտիթ Փիաֆի հետ, եւ միասին շրջագայած են համերգներով: Սկզբնական շրջանին երգած է Փիեռ Ռոշի հետ: Համընդհանուր ճանաչման  հասած է 1959 թ-ին` Փարիզի «Օլիմպիա» համերգասրահին մէջ ելոյթէն յետոյ: Երգած է աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ, համերգներով հանդէս  եկած է նաեւ Երեւանի մէջ: Ազնաւուր գրած է 1000-է աւելի երգ: Անոր երգերու սկաւառակները թողարկուած են միլիոնաւոր օրինակներով, բանաստեղծութիւնները թարգմանուած եւ լոյս  տեսած են առանձին գիրքերով: Ան իր երգերու լաւագոյն կատարողն է: Ազնաւուրը երգած է Լուչանօ Փավարոտիի, Փլաչիտօ Տոմինգոյի, Լայզա Մինելիի, Միրէյ Մաթեոյի, Փատրիսիա Կաասի հետ: Դստեր` Սեդայի հետ կատարած է Սայաթ-Նովայի «Աշխարհումս» երգը: Գրած է նաեւ օփերայի երաժշտութիւն: Ազնաւուր նկարահանուած է 60-է աւելի ֆիլմերու մէջ` «Հռենոսի անցումը», «Սատանան եւ տասը պատուիրանները», «Հայր Գորիօ» եւ այլն, իսկ «Գլուխը` պատը» ֆիլմին համար արժանացած է «Բիւրեղեայ աստղ» մրցանակի:

1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն յետոյ ան բազմիցս այցելած է Հայաստան, եղած աղէտի գօտիին մէջ: Փարիզի մէջ ստեղծած է երկրաշարժէն տուժածներու օգնութեան «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը, որու ներկայացուցչութիւնը բացած է Երեւանի մէջ: Երգիչ եւ երգահան Ժորժ Կառվարենցի հետ գրած է «Քեզ համար, Հայաստան» երգը, թողարկած տեսահոլովակ` Ֆրանսայի 90 երգիչի ու դերասանի մասնակցութեամբ: Քուպայի մէջ Չ. Վալդեսի հետ թողարկած է ալպոմ (2007 թ., շնորհանդէսը` Մոսկուա):

1995 -էն ՀՀ նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գիծով պատուաւոր դեսպանն էր, ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի մշտական պատուիրակը Հայաստանի մէջ: 2009 -ին նշանակուած էր ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Զուիցերիոյ մէջ: Գրած է «Ազնաւուրն Ազնաւուրի մասին» (1975), «Անցած օրեր» (2004 ) յուշագրութիւնները:

«Իմ ճանապարհը հեշտ ու հանգիստ չէ եղած: Շատ դառնութիւններ ճաշակած եմ այդ ճանապարհին` երեսիս փակուած են դռներ, հեգնանքով լի ժպիտներ, չարախօսութիւններ…»,- այսպէս  նկարագրած է իր անցած ուղին Շարլ Ազնաւուրը, որ չնայած այդ դժուարութիւններուն, համաշխարհային համբաւ  ձեռք բերած է,  ճանչցուած է 20-րդ դարու լաւագոյն երգիչ, արժանացած մրցանակներու, պարգեւատրուած Ֆրանսայի Պատուոյ լեկէոնի 2 շքանշանով:

«Դուք կը նուաճէք աշխարհը, որովհետեւ կրնաք յուզել»,– Շարլ Ազնաւուրին ըսած է Շրլ տը Կոլը:

Շարլ Ազնաւուրը մահացած է 2018 թուականի հոկտեմբեր 1-ին: