image

Ռուսական S-400 -ի հարցով ԱՄՆ երկու շաբաթ տուած է Անգարային

Ռուսական S-400 -ի  հարցով ԱՄՆ երկու շաբաթ տուած է Անգարային

Ուաշինկթընը Անգարային երկու շաբաթ տուած է` ռուսական S-400 զէնիթահրթիռային համակարգերու ձեռքբերումէն հրաժարվելու համար: Այդ մասին յայտնած է CNBC-ն՝ յղում ընելով անանուն աղբիւրի:

Ըստ տեղեկութիւններու՝ երկու շաբաթէն Թուրքիան պէտք է չեղեալ յայտարարէ Ռուսաստանի հետ գործարքը եւ գնէ ամերիկեան հակահրթիռային պաշտպանութեան Patriot համակարգեր:

Աղբիւրը նշած է, որ եթէ Անգարան չհամաձայնի Ուաշինկթընի պայմաններուն, ապա դուրս պիտի մղուի ամերիկեան ռազմարդիւնաբերական Lockheed Martin ընկերութեան ծրագրէն, ըստ որու Թուրքիան ԱՄՆ-էն պէտք է ստանայ հարիւր F-35 հինգերորդ սերունդի կործանիչներ: Բացի այդ, վերջնագիրը մերժելու պարագային Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ պիտի կիրառուին, պիտի չուշանայ նաեւ ՆԱԹՕ-ի «արձագանգը»:

Յիշեցնենք, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ ռուսական զենիթահրթիռային համակարգերու մատակարարման պայմանագիրը կնքուած է 2017 թուականին: 22 ապրիլ 2019-ին ՌԴ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, զօրավար Ալեքսանտր Ֆոմինը յայտարարած է, որ S-400 համակարգերու առաջին խմբաքանակը Թուրքիոյ պիտի մատակարարուի ամրան: