ԱՄՆ որոշումը՝ դադրեցնելու Թուրքիոյ հետ արտօնեալ առեւտուրի մասին համաձայնագրի գործողութիւնը, կը հակասէ Ուաշինկթընի նպատակին՝ 75 միլիառ տոլարի երկկողմանի առեւտուրի վերաբերեալ։ Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքանը, կը տեղեկացնէ Reuters-ը։
Ընդ որում՝ ան ողջունած է Ուաշինկթընի՝ թրքական պողպատի ներկրման մաքսատուրքը նուազեցնելու ձգտումը:
«Սակագիներու իջեցումը 25-էն 50 տոկոսի դրական երեւոյթ է, բայց մենք կը սպասենք, որ բոլոր խոչընդոտները երկկողմ առեւտուրի համար վերացուին»,- գրած է Փեքանը Թուիթըրի էջին՝ նշելով, որ այդ տուրքերը անդրադարձած են նաեւ ամերիկեան ընկերութիւններուն վրայ: