image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ բռնի իսլամացած յոյներու մասին նոր գիրք հրապարակուած է

Թուրքիոյ մէջ բռնի իսլամացած  յոյներու մասին նոր գիրք հրապարակուած է

Թուրքիոյ մէջ 2018 -ին «Լիպրա» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Մերթ Քայայի հեղինակած «Իսլամաց(ու)ած յոյները. յիշողութեան մը պատմութիւն» վերնագրով գիրքը: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:

Աղբիւրի համաձայն` սոյն ուսումնասիրութեան առանցքը կը կազմեն Թուրքիոյ այն ուղղափառ յոյները, որոնք 1919-1925 թուականներուն, հակառակ հարկադիր գաղթի ենթարկուած ըլլալուն, կրցած են մնալ իրենց հայրենի տարածքներուն մէջ եւ բռնի իսլամացուած՝ ժամանակի ընթացքին: Գիրքին մէջ նաեւ ներկայացուած են տասնամեակներ շարունակ լռած այդ յոյներու պատմութիւնները:

Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիոյ մէջ հայերու ճակատագիրը կիսած են նաեւ միւս քրիստոնեայ ժողովուրդները` յոյներն ու ասորիները, որոնք ենթարկուած են ոչ միայն բռնի տեղահանութեան եւ զանգուածային կոտորածներու, այլ նաեւ` բռնի կրօնափոխութեան: