image
Հրատապ լուրեր:

Պուլկարիա. Կոմիտասի յիշատակը ՝ համերգով

Պուլկարիա. Կոմիտասի   յիշատակը ՝ համերգով

«Եւրոպական երաժշտութիւն» փառատօնին ծիրէն ներս՝  13 մայիսին  Սոֆիայի ֆիլհարմոնիկ համերգասրահին մէջ, Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ, տեղի ունեցած է հայ դասական երաժշտահաններու դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու համերգ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

 

Համերգին ընթացքին Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Էդուարդ Միրզոյեանի եւ Հայկ Պոյաճեանի գործերը կատարած է հայ երիտասարդ դաշնակահար, միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր Արմէն-Լեւոն Մանասերեան:

 

«Եւրոպական երաժշտութիւն» համերգաշարի կազմակերպիչները նշած են, որ առանձնայատուկ նշանակութիւն կու տան Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու յաջորդ սերունդներուն ատոր փոխանցման, եւ այդ գործին մէջ կ՝ապաւինին եւրոպական աշխարհամասին մէջ բնակող ժողովուրդներու կարեւոր առաքելութեան:

 

Համերգը ունեցած է մեծ յաջողութիւն՝ արժանանալով ունկնդիրներու ջերմ ընդունելութեան: