image

Պէյրութի մէջ պիտի նշուի «Սրբուհի Ռիթայի ուխտի օր»ը

Պէյրութի մէջ  պիտի նշուի «Սրբուհի Ռիթայի  ուխտի օր»ը

Լիբանանի մէջ, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի Սրբուհի Ռիթա շրջափակէն ներս պիտի նշուի Սրբուհի Ռիթայի տարեկան ուխտի օրը: Այս մասին կը տեղեկանանք վարժարանի տարածած յայտարարութենէն:


Ս. Ռիթայի ուխտի օրուայ առթիւ, կիրակի՝ 19 մայիսին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, պիտի կատարուի Սուրբ եւ անմահ պատարագ, որու ընթացքին պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ՝ Մխիթարեան միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեծաւոր, Հոգեշնորհ Հ. Մեսրոպ Թ. Ծ. Վրդ. Սիւլահեանը:


Ս. Պատարագին պիտի յաջորդէ վարդերու օրհնութիւն եւ նշխարհամբոյր:


Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ դիւրացնելու համար հաւատացեալներուն երթեւեկը, տրամադրուած են փոխադրամիջոցներ, որոնք կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ պիտի շարժին հետեւեալ հաւաքավայրերէն.


1) Պուրճ Համուտ - Քաղաքապետարանի մարզադաշտ

2) Պուրճ Համուտ - «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահ