image

19-ամեայ Հայկուհի Մաթեւոսեանը ընտրուած է «Միս Hայաստան-2019» (Լուսանկարներ)

19-ամեայ Հայկուհի Մաթեւոսեանը ընտրուած է «Միս Hայաստան-2019» (Լուսանկարներ)

«Հայաստանի գեղեցկուհի» ազգային գեղեցկութեան մրցոյթին յաղթող ճանչցուած է 19-ամեայ Հայկուհի Մաթեւոսեանը: Մրցոյթին մասնակցած էին Երեւանէն եւ Հայաստանի տարբեր մարզերէն ու արտերկրէն ժամանած 20 հայուհիներ:

Աղջիկները ժիւրիի եւ հանդիսատեսի առջեւ ներկայացած էին 3 տարբեր կերպարներով՝ ազգային տարազ, լողազգեստներ եւ երեկոյեան զգեստներ: Իսկ ժիւրիի կազմին մէջ, ինչպէս հայ, այնպէս ալ արտերկրէն ժամանած յայտնիներ եղած են:

 Մասնակից 20 գեղեցկուհիներէն ժիւրիի անդամները սկիզբը ընտրած են լաւագոյն 10-ը, այնուհետեւ՝ 5-ը: Լաւագոյն հնգեակին մէջ տեղ գտած են Քամիլա Մարգարեանը, Էմանուէլա Գրիգորեանը, Լիզա Կասեանը, Քրիսթինա Շահզատէյեանը եւ Հայկուհի Մաթեւոսեանը, որ դարձաւ մրցոյթի յաղթող:

Հայկուհին տիտղոսէն բացի արժանացած է միջոցառման գլխաւոր հովանաւորի՝ All.me նորարարական թուային հարթակի կողմէ մրցանակի, որ համարժէք է 1000 ԱՄՆ տոլարին: