image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը

Պոլսոյ մէջ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը

Ապրիլ 24-ին Պոլսոյ մէջ պիտի իրականացուին միջոցառումներ՝ նուիրուած 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Անոնցմէ մէկը պիտի կայանայ Շիշլի հայկական գերեզմանոցին մէջ՝ ի յիշատակ 24 ապրիլ 2011-ին սպանուած հայկական ծագումով Սեւակ Պալըքճիի։

Պալըքճի սպաննուած էր 24 Ապրիլ 2011-ին, երբ իր  հետ ծառայութեան մէջ  եղող  Քվանչ Աղաօղլու կրակ  բացած ու սպաննած էր զինք: Կարճ ժամանակ բանտարկուած Աղաօղլու՝ դատարանին  որոշումով ազատ արձակուած էր՝  հիմք ունենալով այն վարկածը, թէ Պալըքճին սպաննուած է ոչ թէ միտումնաւոր կերպով, այլ՝  արկածի հետեւանքով: 

Ինչպէս կը յայտնէ «Ակօսը», ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի Հրանդ Տինքի անուան կազմակերպութիւնը պիտի իրականացնէ ոգեկոչման արարողութիւն Սուլթանահմէտի շրջանին մէջ գտնուող Իսլամական արուեստի թանգարանին մօտ, որ 1915-ին բանտ եղած է պոլսահայ հայերու համար։

Ժամը 19։00-ին, «Ապրիլ 24-ին մենք կը յիշում ենք, թէ ինչ կորսնցուցած ենք» կարգախօսի ներքոյ յիշատակի արշաւ պիտի իրականացուի նաեւ Շիշխանէ հրապարակին վրայ։