image

Լիբանան. Աշակերտական հաւաք՝ Ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով

Լիբանան. Աշակերտական հաւաք՝ Ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն: Ներկայ էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Թորոսեան, Շամլեան-Թաթիկեան վարժարաններու եւ Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց, Ս. Խաչ-Գ. Հարպոյեան վարժարաններու, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի եւ Վահան Թէքէեան վարժարանի աշակերտները:

Վարժարան առ վարժարան ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք տեղի ունեցաւ աղօթք, որմէ ետք բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթեցին Տէրունական աղօթքը:

Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտ Ճորճիօ Ֆղալի: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր, անմոռանալի եւ անհերքելի իրողութիւն մըն է, որ խորապէս արմատաւորուած է իւրաքանչիւր հայու մտքին ու սրտին մէջ` աւելցնելով, որ այդ ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն հայերու դէմ էր, այլեւ` ամբողջ մարդկութեան, եւ այս պատճառով Հայ դատը պէտք է դրուի իբրեւ համաշխարհային հարց, որուն լուծման ի խնդիր բոլորս ալ պէտք է աշխատինք թէ՛ իբրեւ հայ երիտասարդներ եւ թէ՛ իբրեւ մարդկութեան անդամներ: Ճ. Ֆղալի շեշտեց, որ մեր նահատակներուն հոգիները պիտի չհանգստանան, մինչեւ որ մենք ամբողջացնենք մեր պարտականութիւնը յանուն արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան: «Այսօր կը վերանորոգենք պահանջատիրական մեր ուխտը Գարեգին Նժդեհի խօսքով. «Գուշակելու, տեսնելու համար ազգի մը ապագան, պէտք է նայիլ անոր երիտասարդութեան», եզրափակեց Ֆղալի:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ Ճենիֆըր Քէյմէթլեան երգեց «Կռո՛ւնկ, գնա՛ մեր երկիր» երգը, Հայ աւետարանական վարժարաններու կողմէ Թորոսեան վարժարանի աշակերտ Քէաննա Պօղոսեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Հպարտ եմ ես» բանաստեղծութիւնը, Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ Գէորգ Պուտաքեան ջութակի վրայ նուագեց «Ատանայի ողբը» երաժշտական կտորը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտ Տաթեւ Արապօղլեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Ինկածներին» բանաստեղծութիւնը:

Օրուան պատգամը ուղղեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ան նկատել տուաւ, որ դարձեալ ժամադրուած ենք սփիւռքեան իրականութեան այս սուրբ կեդրոնին` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, մեր սուրբ նահատակներու աճիւններուն առջեւ, կրկին անգամ հաստատելու եւ վերանորոգելու հայու մեր կամքն ու նկարագիրը  եւ կրկին անգամ ցոյց տալու մեր թշնամիին եւ մանաւանդ աշխարհին, որ մենք տակաւին մեր պահանջատիրութեան եւ մանաւանդ մեր գրաւուած հողերուն տէրն ենք ու մինչեւ վերջին շունչը պիտի պայքարինք զանոնք կրկին անգամ վերադարձնելու մեզի: Ան ըսաւ, թէ այսօր իբրեւ հայ աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ, անոնք եկած են իրենց նախահայրերուն աճիւններուն դիմաց ոչ թէ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու, այլ` իբրեւ սուրբեր խնդրելու անոնց բարեխօսութիւնը: Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան նկատել տուաւ, որ պատահական չէր, որ 2 օր առաջ մենք իրարու աւետեցինք Քրիստոսի յարութիւնը` աւելցնելով, որ 2 օր յետոյ այստեղ կանգնած մեր սուրբ նահատակներու աճիւններուն առջեւ, իբրեւ յարուցեալ ժողովուրդ, կրկին անգամ ժամադրուած ենք մեր նահատակներուն հետ այս անգամ անոնց յաղթանակի, անոնց արեան կանչի յարութեան աւետիսը իրար փոխանցելու: «Մենք այլեւս նահատակներ չունինք: Մենք այլեւս երկինքի մէջ ունինք մէկուկէս միլիոն եւ աւելի սուրբեր, որոնք ձեզմէ իւրաքանչիւրին նայելով կը պահանջեն իրենց արեան գինը, մեր պահանջատիրութիւնը, այն բոլորը, որոնք մեզի կը պատկանին, մենք վերադարձնենք, թէկուզ ոչ կռիւով», շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` աւելցնելով, որ այսօր մեր առօրեայ կեանքին մէջ համացանցի ճամբով, մեր ընկերութեան ճամբով, մեր յարաբերութիւններուն ճամբով մենք պարտաւորութիւն եւ պարտականութիւն ունինք աշխարհին ցոյց տալու հայու կամքը, հայու նկարագիրը եւ մանաւանդ հայու պահանջատիրութիւնը: «Այս բոլորը դուք պիտի ընէք: Դուք` իբրեւ ժառանգորդներ ապրիլեան սուրբ նահատակներուն, դուք` իբրեւ թարգմանը անոնց պահանջատիրութեան, այս բոլորը այսօր, իբրեւ հայ աշակերտ, ձեզմէ իւրաքանչիւրին ուսերուն վրայ դրուած է», շեշտեց հայր սուրբը` խօսքը ուղղելով աշակերտներուն եւ հաստատելով, որ մեզի համար հպարտութիւն եւ պատիւ է այս վայրկեանին կանգնիլ մայրավանքի այս սուրբ յուշակոթողին առջեւ եւ աղօթք բարձրացնել մեր սուրբերուն: Ան ըսաւ, որ թող մեր թշնամին` Օսմանեան կայսրութիւնը, Թուրքիան, բոլորը լաւ տեսնեն այս պատկերը, որովհետեւ այս հաւաքոյթը միայն պատկեր չէ այսօր` աւելցնելով, որ մեր աշակերտներու կեանքին եւ նկարագիրին մէջ շաղախուած է իւրաքանչիւր նահատակ սուրբի արեան կանչը: Հայր սուրբը վստահեցուց, որ այսուհետեւ իրենք իբրեւ հայ աշակերտներ ո՛չ միայն ապրիլ 23-ի կամ 24-ի օրը պիտի յիշեն մեր նահատակները, այլեւ` այդ բոլորը պիտի ապրին իրենց կեանքին մէջ, նաեւ ապրեցնեն բոլոր օտարներու կեանքին մէջ: «Սիրելի՛ աշակերտներ, դաշտը ձերն է: Օտար աշխարհներ, օտար երկիրներ ձեզմով պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ձեզմով ետ պիտի բերենք մեր հողերը, ձեր աննկուն կամքով եւ նկարագիրով պիտի շահինք մեր նահատակներու արեան գինը: Ուրեմն, օ՛ն, երթանք յառաջ, անվեհեր, դէպի յաղթանակ», եզրափակեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

 

Աղբիւրը՝ «Ազդակ»