image

Լը Փեն Արցախը Հայաստանին միացնելը տագնապին լաւագոյն լուծումը կը նկատէ

Լը Փեն Արցախը Հայաստանին միացնելը տագնապին լաւագոյն լուծումը կը նկատէ

Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու եւ Ազգային Ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն հայկական «Նուվել տ՛Արմէնի» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Արցախի տագնապին լաւագոյն լուծումը կը նկատէ Արցախը Հայաստանին միացնելը։

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, Լը Փեն ըսաւ, որ Թուրքիա պէտք է աւելի լուրջ մօտեցում ցոյց տայ իր պատմութեան այս սարսափազդու էջին։