image

Հայաստանի ԱԳ-ի խիստ պատասխանը Թուրքիոյ

Հայաստանի ԱԳ-ի խիստ պատասխանը Թուրքիոյ

Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը ճանչցուած իրողութիւն է միջազգային համայնքի կողմէ, բայց ականատես կ'ըլլանք Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման տարբեր ձեւերու: Այս մասին ըսած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղտալեանը՝ արձագանգելով Թուրքիայէն վերջերս հնչող յայտարարութիւններուն՝ կապուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետ:

Աննա Նաղտալեանի պատասխանը կը ներկայացնենք ստորեւ. 

«Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ կարող եմ ցաւով արձանագրել, որ մենք այս ողջ ժամանակահատուածում ականատես ենք եղել Թուրքիայի կողմից Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման տարբեր ձեւերի: Ժխտումը եղել է հետեւողական, իսկ ժխտման ձեւերը եւ բովանդակութիւնը՝ ոչ։

Դրանք մշտապէս ենթարկուել են փոփոխութիւնների, մէկ փորձել են հաւասարութեան նշան դնել ցեղասպանութեան կատարողների եւ զոհերի միջեւ, իսկ այժմ էլ ցեղասպանութեան մէջ մեղադրում են դրա զոհերին եւ արդարացնում կատարողներին։ Յաճախ գործի են դրւում ուղղակի կեղծիքներ, ինչպէս օրինակ մեր արխիւների փակ լինելու դրոյթը, երբ ցեղասպանութեամբ զբաղուող բոլոր մասնագէտները գիտեն, որ Հայաստանի արխիւները բաց են։ Ժխտողական մտքի այս վայրիվերումները վկայում են ճշմարտութեան դէմ դրանց անզօրութեան մասին, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը ճանաչուած իրողութիւն է միջազգային համայնքում։

Ցեղասպանութիւնը ժխտողականութեան քօղի ներքոյ արդարացնելը ամօթալի եւ վտանգաւոր երեւոյթ է: Այն խրախուսում է մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ նոր յանցագործութիւններ, ինչի դէմ պայքարը միջազգային համայնքի առաջնային պարտաւորութիւնն է»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարած էր. «Հայաստանը կը վախնայ բանալ 1915-ի իր արխիւները, քանի որ անկէ ետք աշխարհը ապացոյցներ պիտի ստանայ, որ 1915-ի իրադարձութիւնները «հայերու ցեղասպանութիւն» չէ, այլ հակառակը՝ հայկական հրոսակախումբերու կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իսլամ բնակչութեան ցեղասպանութիւն եւ ոչնչացում»:

Իսկ օրերս Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն նշած էր, որ իրենց նախնիներով ու պատմութեամբ կը հպարտանան, քանի որ իրենց պատմութեան մէջ ցեղասպանութիւն, գաղութատիրութիւն չէ եղած: