image

Դոկտ. Շուշան Կարապետեան կը նշանակուի USC-ի hայագիտականի վարիչի տեղակալ

Դոկտ. Շուշան Կարապետեան կը նշանակուի USC-ի hայագիտականի վարիչի տեղակալ

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ հիմնարկին վարիչի տեղակալ նշանակուած է դոկտ. Շուշան Կարապետեան. պաշտօն մը, որ կարելի եղած է հաստատել Թրբանճեան ընտանիքի հիմնարկութեան նեցուկով եւ նիւթական առատաձեռն աջակցութեամբ։

«Դոկտ. Շուշան Կարապետեան իր ներդրումը պիտի բերէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի շուրջ համաշխարհային քննարկումներուն վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալու Հայագիտական հիմնարկի ջանքերուն, իր հետ բերելով հարուստ փորձառութիւնը», կը յայտնէ հիմնարկին վարիչը՝ Սալբի Ղազարեան։

Դոկտ. Շուշան Կարապետեան շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, ուր հայերէն դասաւանդած է եւ եղած է նաեւ համալսարանին մէջ հաստատուած Ժառանգուած լեզուներու ազգային կեդրոնի վարիչի օգնական։ Ան մաս կը կազմէ հայախօսութիւնը խթանելու շարք մը նախաձեռնութիւններու:

Ան արժանացած է փրոֆ. Ռաս Քեմպըլի անուան մրցանակին, որ կը տրուի ժառանգուած լեզուներու դասաւանդման մարզին մէջ լաւագոյն ուսումնասիրութիւններու հեղինակներու։

Նշենք, որ անոր դոկտորական աւարտաճառը հանդիսացող «Ինչպէ՞ս երեխաներուս սորվեցնեմ իմ կոտրտած հայերէնս» ուսումնասիրութիւնը արժանացած էր Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան «Բացառիկ Աւարտաճառ» մրցանակին, 2015ին։