Ալ-Ազհարի գլխաւոր պատասխանատու Շէյխ Ահմատ Ալ-Թայէպ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է, նշելով, որ Եգիպտոս եւ եգիպտացի ամբողջ ժողովուրդը կը զօրակցի Ֆրանսայի ժողովուրդին:
«Այս տխուր պահուն մենք Ֆրնասայի ժողովուրդին հետ ենք: Պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող, ինչպէս նաեւ ճարտարապետական մեծ արժէք ունեցող այս եկեղեցւոյ մէջ պատահած հրդեհը մեզի ցաւ պատճառեց»,- գրած է Ահմատ Ալ-Թայէպ:
Յիշեցնենք, որ երէկ գիշեր ծանր օր մըն էր Ֆրանսայի ժողովուրդին եւ համայն եւրոպական համայնքին համար: Փարիզի կեդրոնին վրայ բարձրացած Նոթր Տամ տաճարը հրոճարակ դարձած էր. տաճար մը, որ տարբեր իմաստներով կը համարուի Եւրոպայի քրիստոնէական քաղաքակրթութեան կարեւոր խորհրդանիշներէն մին: