Երուսաղէմի Տաճարի լերան վրայ հրդեհ բռնկած է։ Հրդեհի տեսագրութիւնը յայտնուած է ընկերային ցանցերու մէջ։
Հրդեհը սկիզբ առած է Ալ-Աքսա մզկիթի անվտանգութեան հսկիչ կէտին մէջ: Հրշէջները յաջողած են արագ մարել կրակը։
Տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չկան։ Հրդեհի բռնկման պատճառները յայտնի չեն։ Փաստի առթիւ հետաքննութիւն կը կատարուի։
Կը նշուի, որ հրդեհը բռնկած է Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ սկսած հրդեհի հետ միաժամանակ, սակայն վերջինս լուսաբանման առումով ստուերի տակ ձգած է Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցածը։