Երէկ ուշ երեկոյեան, երբ տարածում սկսաւ գտնել Փարիզի «Նոթր Տամ» տաճարի հրդեհի մարուելուն լուրը, ֆրանսական աղբիւրներ նախ հրապարակեցին նախագահ Մաքրոնի պատմական տաճարը վերանորոգելու մասին կատարած յայտարարութիւնները, որմէ ետք յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ տարածուիլ սկսան խօսակցութիւններ, որոնց հիմամբ ֆրանսացի մէկէ աւելի հարուստներ պատրաստակամութիւն յայտնած են մասնկացիլ պատմական տաճարի վերակառուցման աշխատանքներուն։
Նոյն առումով եւ ըստ France 24 կայանին ֆրանսացի յայտնի միլիառատէր Ֆրանսուա Հանրի Փինո խոստացած է 100 միլիոն եւրօ տրամադրել տաճարի վերանորոգման աշխատանքներուն։
Յիշեցնենք, որ լիբանանցի յայտնի դերասանուհի Սալմա Հայէքի ամուսինը ՝ Ֆրանսուա Հանրի Փինո սեփականատէրն է «Փինո» ընկերութեան, որ տարբեր կազմակերպութիւններէ բացի, նոյնպէս կը տնօրինէ ՝ YSL եւ Gucci ֆրանսական ընկերութիւնները։