image

Պէյրութի մէջ բացումը կատարուած է Լիբանանեան – Հայկական բարեկամութեան յուշակոթողին

Պէյրութի մէջ բացումը կատարուած է Լիբանանեան – Հայկական բարեկամութեան յուշակոթողին

Ուրբաթ, 12 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին նախագահութեամբ, Ճիւնիի քաղաքապետ ու Քեսրուան Ֆթուհի քաղաքապետարաններու համախմբումի նախագահ Ժուան Հպէյշի եւ բարերարներ տէր եւ տիկին Գրիգոր Ճապուրեանի մասնակցութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Ճիւնի-Թրիփոլի մայրուղիին եւ Հարիսայի ճամբու խաչմերուկին վրայ տեղադրուած Լիբանանեան-հայկական բարեկամութեան յուշակոթողին, որուն հեղինակն է Աղասի Պօղոս Թասլաքեան:

Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններու, միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Յուշակոթողի քողազերծումէն ետք պաշտօնական հանդիսութիւնը կատարուեցաւ, եւ այս առիթով խօսքեր արտասանուեցան Ճիւնիի քաղաքապետարանին մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացումը կատարեց Կրեկուար Գալուստ, որ հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ նորաբաց յուշակոթողը կու գայ վկայութիւն մը եւս ըլլալու հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու բարեկամութեան: Ան նշեց, որ այս կառոյցը նաեւ փառաբանութիւն մըն է համամարդկային այն արժէքներուն, որոնց համար մեր ժողովուրդները դարեր շարունակ պայքարեցան եւ կը շարունակեն պայքարիլ` յանձն առնելով մեծագոյն զոհողութիւններ:

Կ. Գալուստ ըսաւ, որ քանդակագործը իր միտքը, հոգին եւ ձեռքերը ծառայեցուցած է հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու բարեկամութեան գաղափարը անխօս մարմարին վրայ այնքան վարպետօրէն մարմնաւորելու համար: Ան աւելցուց, որ այս կոթողը նաեւ կը խորհրդանշէ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն հաւատքը` մարդկային արդարութեան ու բարութեան նկատմամբ եւ անոնց յաղթանակի յոյսը` ընդդէմ ատելութեան եւ քանդումի ուժերուն: «Քանդակին մէջ յստակօրէն ընդգծուած կը տեսնենք յարգանքը` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Լիբանանի համար ինկած նահատակներու յիշատակին եւ պահանջը` արդարութեան վերահաստատման: Ի վերջոյ, քանդակը խորհրդանիշն է Լիբանանի մէջ հայուն ստեղծագործ ներկայութեան եւ հաստատումն է հայուն կառչածութեան` Լիբանանի ասպնջական հայրենիքին», նշեց Կ. Գալուստ, որ աւելցուց, թէ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը այս նախաձեռնութեան դիմած էր յաւերժացնելու հայ-լիբանանեան դարաւոր բարեկամութիւնը, որ տակաւին կենդանի է, վառ եւ խօսուն` բոլորին սրտերուն ու խիղճերուն մէջ:

Ապա խօսք առաւ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան, որ անդրադարձաւ քանդակին` նշելով, թէ անիկա նաեւ կը խորհրդանշէ Լիբանանի մէջ հայութեան ներկայութիւնն ու աշխուժ դերակատարութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ շատեր կը կարծեն, թէ հայութիւնը Լիբանանի մէջ ներկայութիւն եղած է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, սակայն իրականութիւնը այլ է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը Լիբանան եկած եւ ամենայն հպարտութեամբ հոն բոյն դրած է աւելի քան 2000 տարի առաջ` յիշելով Տիգրան Մեծի Միջին Արեւելք հասնիլը:

Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան յայտնեց, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հալածուած եւ կեղեքուած մեր հայրերը Լիբանանի մէջ գտան ազատութիւն, ապահովութիւն եւ իրենց հաւատքն ու ինքնութիւնը պահպանելու իրաւունք եւ անոնք եղան իսկական լիբանանցիներ` հայկական արմատներով, կառչեցան այս երկրին եւ իրենց կարելին ըրին անոր բարգաւաճման եւ զարգացման ի խնդիր, կառուցեցին, կերտեցին, աշխատեցան` դառնալով լիբանանցիներուն գործընկեր քաղաքականութեան, տնտեսութեան, ճարտարարուեստի, տեղեկատուական, արուեստի եւ մարմնակրթական բնագաւառներուն մէջ: Ըստ անոր, Լիբանանի մէջ լիբանանահայութեան համարկումը հիմնական կռուան հանդիսացաւ Լիբանանի զարգացման, որովհետեւ իւրաքանչիւր լիբանանահայ գիտակցեցաւ, որ պէտք է համախմբուի այս երկրին շուրջ, հեռու մնայ դասակարգումներէ, անձնական նեղ շահերէ եւ գործէ այս երկրին աշխուժացման ի խնդիր:

Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան դիտել տուաւ, որ լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդները նաեւ բաժնեկցեցան Օսմանեան կայսրութեան հալածանքը, սպանդը, բռնութիւնները, որոնց զոհը գացին հայեր ու լիբանանցիներ` աւելցնելով, որ զոյգ ժողովուրդներն ալ ուժ կը ստանան իրենց նահատակներէն ու կը շարունակեն դարաւոր բարեկամութիւնը, որ խորքին մէջ եղբայրութիւն է: Ըստ անոր, Լիբանան պիտի շարունակէ ապահով օրրան հանդիսանալ բոլոր հալածուածներուն, անարդարութեան ենթարկուածներուն` միշտ պահելով համակեցութեան երկիր ըլլալու իր հանգամանքը:

Ճիւնիի քաղաքապետ ու Քեսրուան Ֆթուհի քաղաքապետարաններու համախմբումի նախագահ Ժուան Հպէյշ հաստատեց, որ լիբանանեան հողին եւ հայութեան միջեւ կայ դարերու կապ` աւելցնելով, որ բոլորս դիմեցինք այս հողին, արմատ նետեցինք անոր մէջ:  Ըստ անոր, դժուար թէ կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն եւ հայերուն միջեւ մեծ տարբերութիւն գտնել, բացի Հայաստանի եւ Լիբանանի հանրապետութիւններուն միջեւ առկայ տարբերութենէն, որովհետեւ բոլորս ալ լիբանանեան մէկ ընտանիքի անդամներն են: Քաղաքապետը դիտել տուաւ, որ լիբանանահայութեան քաղաքական կապը բնական, զարգացած եւ քաղաքակիրթ է բոլորին հետ եւ կարեւոր է լիբանանեան ընկերութեան համար` յատուկ կերպով անդրադառնալով Ճիւնիի եւ հայութեան միջեւ կապին, որ շրջանին եւ շրջակայքին մէջ ցայտուն է տարբեր առումներով ու բնագաւառներու մէջ: Ան յատուկ կերպով նշեց Դաշնակցութեան հետ առողջ կապը, նաեւ` զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ աշխուժ գործակցութիւնը:  Ժուան Հպէյշ գոհունակութիւն յայտնեց Ճիւնիի մէջ նման արտայայտիչ եւ մարդկային սկզբունքներ մարմնաւորող կոթողի մը տեղադրման համար:

Ապա Համբարձում Ճապուրեան տուտուկի վրայ քանի մը հայկական նուագներով հմայեց ներկաները:

Անկէ ետք խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, որ ըսաւ, թէ հայ լիբանանեան դարաւոր բարեկամութիւնը կը սկսի Կիլկամեշէն եւ կը հասնի մինչեւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Ըստ անոր, թէեւ լիբանանեան-հայկական բարեկամութեան նուիրուած առաջին կոթողներէն մէկն է ասիկա, սակայն խորքին մէջ կան բազմաթիւ կառոյցներ, որոնք խօսուն խորհրդանիշը կը հանդիսանան հայութեան եւ լիբանանցիներուն միաձուլուած էութեան: Ան նշեց, որ այս իրականութեան վառ ապացոյցներն են հարիւր հազարաւոր լիբանանահայերը, որոնց վաստակն ու քրտինքը միախառնուած է հայկականութիւնն ու լիբանանցիութիւնը խորհրդանշող բազմաթիւ երեւոյթներու մէջ: Ան ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը` զայն նկատելով կարեւոր եւ խօսուն:

Ապա խօսք առաւ բարերար Գրիգոր Ճապուրեան, որ յիշեց, թէ այս յուշակոթողին մտայղացումը ծագեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին նախաձեռնութեամբ: Ըստ անոր,  Լիբանանի եւ Հայաստանի ժողովուրդները անցեալին, լիբանանցին եւ լիբանանահայը ներկայիս իրարու զօդուած են ո՛չ միայն դարերու պատմութեան անխորտակելի շղթայով, այլ նաեւ շաղախուած են իրենց թափած արեամբ, այն մաքուր եւ անմեղ արեամբ, որ հոսած է յատկապէս արիւնարբու օսմանցիներուն դարաւոր բռնատիրութեան ընթացքին:

Բարերարը հաստատեց, որ ներկայիս եւ ապագային մեր աննահանջ գոյերթին թէ՛ խթան, եւ թէ՛ երաշխիք դառնալու կոչուած է Լիբանանեան-հայկական բարեկամութեան յուշակոթողը:

Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, որ ըսաւ, թէ համախմբուած ենք աշխարհագրական այնպիսի վայրի մը մէջ, ուր բնապատկերը ինքնին խօսուն է, երբ Միջերկրական ծովուն ծովափը կարծես խոնարհած կը համբուրէ Հարիսայի Աստուածամօր բարձրադիր արձանին ոտքերն ու Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր ուխտավայրի հողերը: Ան ծովը նաեւ նկատեց Լիբանանի համար զբօսաշրջութեան, ճամբորդութեան եւ օտարացման աղբիւր, որովհետեւ բազմաթիւ քաղաքացիներու համար անիկա եղած է արտագաղթի դուռ, իսկ օտարներուն համար` ներգաղթի: Բայց եւ այնպէս, լիբանանցիները ուր ալ որ գտնուած են, ներդրում ունեցած են ու պահած իրենց ազգային դիմագիծը, իսկ Լիբանան եղած է, ինչպէս նախագահ Աուն ըսած է, համաշխարհային երկիր, ինչ որ կը ցոլացնէ ընկերային այն փոխյարաբերութիւնը, որ կայ Լիբանանի եւ հայ ժողովուրդին միջեւ:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ, թէ հայութիւնը Լիբանանի մէջ ներկայութիւն է հնագոյն ժամանակներէն, երբ Միջագետքը, Սուրիան, Փիւնիկէն (Լիբանանը) եւ Պաղեստինը մաս կը կազմէին հայկական թագաւորութեան` Մեծն Տիգրան թագաւորի օրով, Քրիստոսէ շուրջ 70-60 տարիներ առաջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ վերջին երեք դարերուն հայութեան ներկայութեան` սկսելով 1742 թուականէն, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան աթոռի հաստատումով եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան հիմնադրութեամբ Լիբանանի մէջ: Այս բոլորին լոյսին տակ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը դիտել տուաւ, որ Լիբանանի եւ հայ ժողովուրդի փոխյարաբերութիւնները պատահական չեն, այլ պատմութեան եւ ճակատագիրի արդիւնք: «Երկու ժողովուրդներ, որոնց արիւնը միախառնուեցաւ երկրի հողին, եւ անոնց հոգիները հաւատքով ներգրաւուեցան, այնպէս որ, այս երկու ժողովուրդներուն քաղաքացիութեան հասկացողութիւնը միաւորուեցաւ մէկ երկրի պատկանելիութեան զգացումով: Ուստի Լիբանանը հայերուն համար ո՛չ միայն բնակավայր է, այլ` մարդկութեան ընդգրկման օրրան, իր բազմազանութիւններով եւ յատկութիւններով հանդերձ», նշեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանան համակեցութեան եւ համերաշխութեան համայնապատկեր կը կազմէ:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Գրիգոր Պետրոս Ի.  կաթողիկոս պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանեան-հայկական յարաբերութիւնները բարեկամականէն աւելի են, անոնք անկեղծ սիրոյ դրսեւորում են: Աւարտին կոչ ուղղեց պահելու եւ պահպանելու Լիբանանը չար որոգայթներէ, անցեալէն սորվելու համակեցութեան գաղտնիքը եւ զայն փոխանցելու ապագայ սերունդներուն:

Նշենք, որ արտասանուած խօսքերուն մէջ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, Ճիւնիի քաղաքապետ ու Քեսրուան Ֆթուհի քաղաքապետարաններու համախմբումի նախագահ Ժուան Հպէյշին եւ բարերարներ տէր եւ տիկին Գրիգոր Ճապուրեանին, քանդակագործ Աղասի Պօղոս Թասլաքեանին, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, որոնց ներդրումով եւ ջանքերով կարելի եղաւ այս կոթողի տեղադրումը իրականութիւն դարձնել:

 

 

 

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն