image

Վրաստտանի նախագահը այցելեց Ջաւախք

Վրաստտանի նախագահը այցելեց Ջաւախք

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին հայաշատ Ջաւախք այցելած է՝ «Մայրենի լեզուի» օրուան առթիւ:

Վրաստանի նախագահի վարչութեան տեղեկութեամբ՝ նախագահը Ախալքալաքի մէջ՝ տօնական միջոցառումներու շրջանակէն ներս, բացած է վրացական այբուբէնով նկարազարդուած պատը:

«Մայրենի լեզուի» օրուան առթիւ Սալոմէ Զուրապիշվիլին պարգեւատրած է Զուրապ Ժվանիայի անուան պետական վարչարարութեան դպրոցի գերազանց շրջանաւարտները եւ յայտարարած՝ մրցոյթին յաղթող դպրոցի աշակերտներուն անունները:

Վրաստանի նախագահը շրջաններու հզօրացման նպաստելու եւ վրացական արտադրանքին աջակցելու նպատակով այցելած է Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ գործող ընկերութիւններ եւ հանդիպած՝ «Արտադրէ Վրաստանի մէջ» պետական ծրագրին ներգրաւուած ձեռնարկատէրերուն: