image

Տակաւին կը փնտռեն Հայոց գանձերը. Թրքական կայանը հարցազրոյց կատարած է թուրք գանձագողին հետ

Տակաւին կը փնտռեն Հայոց  գանձերը. Թրքական կայանը հարցազրոյց կատարած է թուրք  գանձագողին հետ
Վերջերս «Հապեր թուրք» (Haber Turk) հեռուստաընկերութիւնը հարցազրոյց վարած էր այն հազարաւոր թուրք գերեզմանափորներէն մէկէն, որոնք կը փորձեն գտնել մէկ դար առաջ ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանէն մնացած հայկական գանձերը: Այս մասին իր յօդուածին մէջ գրած է «The California Courier» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեանը:

Ան, մասնաւորապէս, նշած է. «Բաւական չէ, որ 1,5 միլիոն հայեր սպանուեցան եւ զրկուեցան իրենց ունեցուածքէն ու հայրենիքէն, հիմա ալ որոշ թուրքեր «հպարտութեամբ» թանկարժէք մետաղներ կը փնտռեն՝ պղծելով հայկական գերեզմանոցները եւ այլ հնագոյն հայկական վայրեր, ինչպիսիք են եկեղեցիներն ու տուները»: