image

«Դեղին բաճկոնաւորներ»ը դարձեալ դէպի փողոց

«Դեղին բաճկոնաւորներ»ը դարձեալ դէպի փողոց

Ֆրանսայի մէջ այսօր կ'իրականացուի «դեղին բաճկոններ»ու շարժման 19-րդ բողոքի ցոյցը: Ցուցարարները արդէն յայտարարած են, որ մտադիր են անհնազանդութեան գործողութիւններ իրականացնել նաեւ այս շաբաթ, կը հաղորդէ ТАСС-ը:

Աղբիւրի փոխանցմամբ` Փարիզի ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ խստիւ արգիլուած է ցոյցեր իրականացել Էլիզէի դաշտերու, երկրի խորհրդարանի տարածքին մէջ: Սահմանուած կարգը խախտողները պիտի ձերբակալուին եւ ստիպուած պիտի ըլլան վճարել տուգանք, որու չափը օրերս երեք անգամ աւելցած է` կազմելով 135 եւրօ:

Յիշեցնենք, որ 16 մարտին «դեղին բաճկոններ»ու շարժման մասնակիցները լուրջ վնասներ հասցուցած էին տասնեակ խանութներու, նաեւ հանրայայտ Fouquet's ճաշարանին: