image

Համահայկական 7-րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-էն 17 Օգոստոս

Համահայկական 7-րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-էն 17 Օգոստոս

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Համահայկական եօթներորդ խաղերը կազմակերպող կոմիտէի նիստը: Նիստին ընթացքին քննարկուած են խաղերու կազմակերպման վերաբերող զանազան հարցեր, այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրես»:

Համահայկական եօթներորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-էն 17 Օգոստոս: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:

Այս տարի կը լրանայ խաղերուն կազմակերպման քսանամեակը եւ կ'ակնկալուի մարզիկներու աննախադէպ մասնակցութիւն, որուն մասին կը վկայէ նախնական դիմումներու մեծ թիւը:  Նշենք, որ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են 17 մարզաձեւեր: