image

Հայաստանի ամէնէն երջանիկ երկիրներու շարքին 116-րդն է

Հայաստանի ամէնէն երջանիկ երկիրներու շարքին 116-րդն է

ՄԱԿ-ը հրապարակած է «Երջանկութեան համաշխարհային զեկոյց»-ը, ուր Հայաստան անցեալ տարուան համեմատ 13 կէտով բարելաւած է դիրքերը` յայտնուելով 116-րդ տեղը: Հայաստանը ստացած է 4.559 միաւոր: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` նախորդ տարուան զեկոյցին մէջ Հայաստան ամէնէն երջանիկ երկիրներու ցանկին մէջ 129-րդն էր:

Աշխարհի ամէնէն երջանիկ երկիրներու ցանկին մէջ առաջինը Ֆինլանտան է` 7.769 միաւորով: Ֆինլանտային կը յաջորդեն Դանիան (7.600 միաւոր), Նորվեկիան (7.554 միաւոր ), Իսլանտան ( 7.494 միաւոր), Հոլանտան (7.448 միաւոր): Լաւագոյն տասնեակին մէջ են նաեւ Զուիրեցրիան, Շուէտը, Նոր Զելանտան, Գանատան, Աւստրիան:

Ատրպէյճան 5.208 միաւորով կը գրաւէ 90-րդ տեղը, Վրաստանը 4.519 միաւորով 119-րդն է, Թուրքիան 5.373 միաւորով 79-րդ, իսկ Իրանը` 4548 միաւորով 117-րդն է: