image

Ալեքսանդր Թօփչեանի «Պանք Օթոման»-ը լոյս տեսաւ պարսկերէնով

Ալեքսանդր Թօփչեանի «Պանք Օթոման»-ը լոյս տեսաւ պարսկերէնով

Հայ ժողովուրդի պատմութեան 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին տեղի ունեցած շարք մը կարեւորագոյն իրադարձութիւններ արգիլեալ նիւթեր էին Խորհրդային Հայաստանի գրեթէ ամբողջ գոյութեան ընթացքին: Օրինակ՝ Կ. Պոլսոյ Օսմանեան Պանքի գրաւման եւ անոր յաջորդող, քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հազարաւոր հայերու ջարդի պատմութիւնը, հասկնալի պատճառներով, չարտացոլուեցաւ խորհրդահայ գրողներու երկերուն մէջ: Անկախութենէն ետք ալ կարծես չէին շտապեր խախտել այդ պարտադրուած լռութիւնը: Ալեքսանդր Թօփչեանն էր միայն, որ 2008-ին լոյս տեսած իր «Բանկ Օտոման» վէպով վերջապէս անդրադարձաւ մեր պատմութեան այդ կարեւոր էջերէն մէկուն: Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլը բարձր գնահատեց այդ երկը՝ մասնաւորապէս նշելով, որ ատիկա նոր խօսք է հայ պատմավիպասանութեան մէջ: Մէկ տարի չանցած, 2009-ին, վէպը՝ դասական ուղղագրութեամբ, վերահրատարակուեցաւ Պէյրութի «Արծիւ» հրատարակչութեան կողմէն։

Քիչ աւելի ուշ՝ դարձեալ 2010-ին, թարգմանուեցաւ ռումաներէն, այնուհետեւ ֆրանսերէն եւ ռուսերէն: Ասոնց աւելցաւ չորրորդ թարգմանութիւնը՝ պարսկերէն, որ լոյս տեսաւ բոլորովին վերջերս, Թեհրանի մէջ։

Ալ. Թօփչեան պատմեց, որ թարգմանիչի՝ դոկտոր Կաւամետտին Ռազավիզատեհի հետ ծանօթացած է 2016-ի աշնան, Երեւանի մէջ: Դրդապատճառը եղած է Վահէ Քաչայի «Մի Դաշոյն Այս Պարտէզի Մէջ»՝ Ցեղասպանութեան նուիրուած ծաւալուն վէպը, որ իրանցի հիւրը թարգմանած էր պարսկերէն եւ ցանկութիւն յայտնած գիրքին ընծայագրուած օրինակը նուիրելու իր հայ գործընկերոջ, որ նոյնպէս այդ վէպը թարգմանած էր հայերէն եւ լոյս ընծայած Երեւանի մէջ՝ 1999-ին:

«Պանք Օթոմանի պատմութիւնը անոր ծանօթ էր, – կ՝ըսէ Ալ. Թօփչեան: – Չէ՞ որ Վահէ Քաչայի վէպին մէջ ընդարձակ գլուխ մը կայ, ուր կը նկարագրուին այդ դէպքերը: Ուստի գիտնալով, որ ես ամբողջ վէպ մը գրած եմ՝ նուիրուած այդ իրադարձութիւններուն, ինձմէ խնդրեց ֆրանսերէն եւ ռուսերէն թարգմանութիւնները: Պարզուեցաւ, որ ան ոչ միայն ֆրանսերէնէ, այլեւ ռուսերէնէ կը թարգմանէ եւ արդէն ռուս շարք մը դասականներու գործեր թարգմանած է»:

Դոկտոր Ռազավիզատեհը Թեհրան վերադառնալով, քանի մը օր անց, համացանցով հեղինակէն արտօնութիւն խնդրած է «Պանք Օթոման»ը թարգմանելու պարսկերէն, եւ ահա, վէպին չորրորդ թարգմանութիւնը արդէն սեղանին է:

Հեղինակը մեզ յայտնեց, որ կը սպասուին նաեւ երկու նոր թարգմանութիւններ, որոնցմէ մէկը, ամենայն հաւանականութեամբ լոյս պիտի տեսնէ մինչեւ ամրան սկիզբը: Այսպիսով, «Պանք Օթոման»-ը դարձաւ անկախութենէն ետք գրուած ստեղծագործութիւններէն, թերեւս, ամենաշատ տարածուածը եւ թարգմանուածը: Իմիջիայլոց, այս տարի կը լրանայ Ալ. Թօփչեանի ծննդեան 80 եւ գրական գործունէութեան 60-ամեակները: Ան ըսաւ, որ իր վէպին պարսկերէն թարգմանութիւնը կը համարէ իր տարեդարձներուն լաւագոյն նուէրը:

 

«alikonline.ir»

(Թեհրան)