image

Իտալիոյ Լացիօ մարզը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ

Իտալիոյ Լացիօ մարզը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ

Երկուշաբթի 18 Մարտ 2019-ին, Իտալիոյ Լացիօ Մարզի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որուն մէջ խորհրդարանի անդամները զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն կը յայտնեն հայ ազգի զաւակներուն, անոնց պատմական ճշմարտութեան համար մղած պայքարին ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի սպաս յանձնառումին։

Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած բանաձեւը, ներկայացուցած էր Լացիօ Մարզի Խորհրդարանի անդամ՝ Սերճօ Փիրոցցին, որ այս առթիւ Հայհամայնքին ուղղած իր նամակին մէջ յայտնած է թէ «այս քայլը պիտի հանդիսանայ ճշմարտութեան ու զօրակցութեան պարտաւոր ու անկեղծ  արտայայտութիւն մը, ի նպաստ ազգի մը որ զոհ եղած է տեղահանութիւններու ու ահռելի ջարդերու»։

Տիար Փիրոցցի ապա յոյս յայտնած է, որ այս մէկը՝ երիտասարդներուն ու ապագայի սերունդներուն համար ըլլայ «ազդակ» մը, որպէսզի այդպիսի ոճիրներ երբեք  չի կրկնուին։

Լացիօ Մարզը կը հանդիսանայ Իտալիոյ տարածքին մէջ 136-րդ խորհրդարանը, որ կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։

Ընդհանուր ցանկը կարելի է գտնել այստեղ. http://www.comunitaarmena.it/il-genocidio-armeno/italia-ricorda/