image
Հրատապ լուրեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունած է Արցախի պետական նախարար

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունած է Արցախի  պետական նախարար

Երկուշաբթի, 18 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը։ Պետական նախարարին կ՚ընկերակցէր Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրսեանը։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, «Արցախ ռութս ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Բենիամին Պչաքճեանը, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը, Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչի խորհրդատու Պետօ Տէմիրճեան, «ԱՌԻ»ի խորհուրդի անդամներ՝ Վաչէ Մելքոնեանն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանը։

 

Նախարարը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց այցելութեան նպատակը եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց յառաջիկային կատարուելիք ծրագիրները։ Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բերած ներդրումին Արցախի զարգացման եւ բարգաւաճման գործընթացին։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդման եւ Սփիւռքին ներգրաւուածութեան  անհրաժեշտութիւնը յիշեալ աշխատանքներուն գծով։ Հայրապետը յատկապէս յիշեցուց, որ Արցախի հարցը համահայկական առաջնահերթութիւն է եւ այս ծիրէն ներս Արցախի իրողական անկախութեան միջազգային օրինականութիւն ապահովելը անհրաժեշտ է հաւաքական ճիգով շարունակել։