Առաջին անգամ Հայաստանը, ի դէմս Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի, ճանչցուած է HORIZON 2020 Twinning ծրագիրի յաղթող: Այս մասին կը տեղեկացնեն Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի լրատուական ծառայութենէն։
ԵՊԲՀ-ն արդէն ստացած է Եւրոյանձնաժողովի պաշտօնական նամակը՝ «COBRAIN: Armenia Center for Translational Research on Chronic Neurodegenerative Disorders:
A Neuroscience Initiative on Maintaining Healthy Brain Ageing» վերնագիրով նախագիծը շահած է HORIZON 2020 Twinning ծրագիրը՝ իբրեւ համակարգող` ստանալով հնարաւոր առաւելագոյն նիշի 96,6 տոկոսը:
Նախագիծը հիմք պիտի հանդիսանայ Հայաստանի մէջ Ուղեղի նախաձեռնութեան թողարկման եւ Ուղեղի հետազօտութեան գերազանցութեան կեդրոնի համար համապատասխան աշխատակազմի ու ենթակառուցուածքի ձեւաւորման համար:
Horizon 2020-ը Եւրոպական միութեան ամենախոշոր հետազօտական եւ նորարարական գերազանցութեան ծրագիրն է, ոը մրցութային սկզբունքով նիւթական աջակցութիւն կու տայ միայն լաւագոյններուն: Ծրագիրը շահելու հաւանականութիւնը իւրաքանչիւր տարի կը կազմէ 10-14 տոկոս, իսկ եօթը տարիներու (2014-2020) համար նախատեսուած ընդհանուր պիւտճէն` 80 միլիառ եւրօ է: