image

Որո՞նք մասնակցեցան Մութաֆեան պատրիրաքի յուղարկաւորութեան արարողութեան (Լուսանկարներ)

Որո՞նք մասնակցեցան Մութաֆեան պատրիրաքի յուղարկաւորութեան արարողութեան (Լուսանկարներ)

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ խուռներամ ժողովուրդ հաւաքուած էր Պոլսոյ պատրիարքարանի դէմը գտնուող Սուրբ Աստուածամայր աթոռանիստ եկեղեցի, ուր նախ տեղի ունեցաւ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեանը:

Պատարագը ընդհատուեցաւ եւ սկիզբ առաւ օծումի արարողութիւնը, որուն նախագահեց Երուսաղէմի Պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը, որ անձամբ կատարեց վախճանեալ Մութաֆեան պատրիարքի օծման կարգը:

Օծումէն ետք խօսքեր արտասանուեցան:

Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վշտակցութեան խօսքը: Անկէ ետք Պատրիարքութեան անունով թրքերէն լեզուով  խօսք արտասանեց Միաբանութեան անդամներէն Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը, որուն յաջորդեց Պոլսոյ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի խօսքը:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան,  Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան  եւ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւս մասնակցեցան հոգելոյս Պատրիարքին վերջին օծման ու թաղման կարգին, ուր Ընթերցուեցաւ նաեւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ցաւակցագիրը:

Յիշեցնենք, որ արարողութիւններու աւարտին պատրիարք Մութաֆեանի դիակը դուրս բերուեցաւ եւ դրուեցաւ Պատրիարքարանի դռան մօտ, ուր նաեւ հնչեցին համայնքի տարբեր ղեկավարներու խօսքերը: Համայնքի կողմէ խօսք արտասանեց իրաւաբան Սեդրակ Տաուտ Հան:

 

Սուրբ Մարիամ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին վերջին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, ներկայիս Պոլսոյ քաղաքապետութեան թեկնածու՝ Պինալի Եըլտըրըմ եւ Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը: