image

Սէրկէյ Խաչատրեանի փայլուն ելոյթը Գերմանիոյ մէջ

Սէրկէյ Խաչատրեանի փայլուն ելոյթը Գերմանիոյ մէջ

Սերկէյ Խաչատրեան իր կատարելագործուած արուեստով եւ նորարար կատարողութեամբ միջազգայնօրէն փնտռուած ջութակահար մըն է: Ծնած է Երեւան 1985-ին եւ ուսումը ստացած է Վիւրցպուրկի եւ Քառլշռուի մէջ: Ան, առաջին անգամ ուշադրութիւնները իր վրայ կեդրոնացուց 2000-ին, երբ շահեցաւ ջութակի «Ժան Սիպելիիւս» 8-րդ միջազգային մրցանակը, միաժամանակ դառնալով անոր արժանացող ամենէն երիտասարդ արուեստագէտը: 2005-ին, Սերգկէյ Խաչատրեան շահեցաւ Պրիւսէլի «Էլիզապէթ Թագուհի» երաժշտական մրցումի Ա. մրցանակը: Անցնող տարիներու ընթացքին՝ Եւրոպայի եւ ԱՄՆ-ու մէջ, մեծագոյն նուագախումբերու հետ մասնակցեցաւ բազմաթիւ համերգներու, ինչպէս «Մարիինսքի Օրքեսթրա»-ի, Փարիզի նուագախումբին, Պերլինի ֆիլհարմոնիքին, «Ռոյալ Գոնսըրթկիպաուօ Օրքեսթրա»-ին, Ֆրանսայի ազգային նուագախումբին, Լոնտոնի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճըլըսի եւ Ֆիլատելֆիոյ ֆիլհարմոնիք նուագախումբերուն հետ:

2019 Փետրուարին ան համերգաշար մը տուաւ Պոխումի «Anneliese Brost Musikforum Ruhr» սրահը, որ կը գտնուի շրջանի մը մէջ, որ ամբողջ տասնամեակներ կը համարուէր Գերմանիոյ արդիւնաբերական սիրտը: Ռուհրի տարածքի այս ժամանակաշրջանը՝ որպէս ածուխի եւ պողպատի հող, վերջնապէս աւարտեցաւ անցեալ Դեկտեմբերին, փայտաքարի (lignite) վերջին հանքին փակումով: Ռուհրի շրջանը վերջերս դարձած է մշակութային հարուստ շրջան՝ համալսարաններով, թանգարաններով, թատրոններով, օփերաներով եւ համերգասրահներով: Այս վերջին խումբին կը պատկանի 2016-ին բացուած Պոխումի ֆիլհարմոնիքի (հիմնուած՝ 1918-ին) սրահը՝ «Anneliese Brost Musikforum Ruhr»-ը: Այստեղ է, որ Սերկէյ Խաչատրեան յաջորդական երեք երեկոյթներով հանդէս եկաւ Տմիթրի Շոսթաքովիչի ջութակի համար 2-րդ գոնչերթոյով, որու առաջին ներկայացումը 1967-ին կատարած էր, ոչ այլ մէկը, քանՏաւիթ Օյսթրախ: Այս գոնչերթոյի Սերկէյ Խաչատրեանի կողմէ կատարումը նաեւ մեծարանք մըն էր առաջին մենակատարի յիշատակին:

Յայտագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ Փիէր Պուլէզի "Mémoriale"-ը եւ Եոհաննէս Պրամսի 3-րդ սինֆոնին:

Սակայն, անհերքելի է՝ երեկոյթին առանցքը կազմեց Շոսթաքովիչի գոնչերթօն, որ դրոշմուեցաւ մենակատարին տպաւորիչ ելոյթով: Պոխումի համերգասրահին գերազանց ձայնային համակարգը (acoustique), որ համաշխարհայնօրէն ծանօթ է, լայնօրէն նպաստեց Խաչատրեանի հրաշալի կատարումին: Անոր ջինջ եւ անսեթեւեթ մեկնաբանութիւնը լիարժէք օգտուեցաւ այդ ձայնային համակարգէն, ստեղծելով ծայր աստիճան յուզական մթնոլորտ մը առաջին կշռոյթներէն իսկ, շնորհիւ ամէն տեսակի աւելորդ պաճուճանքէ զերծ, խիտ եւ անշեղ մեկնաբանութեան:

Շոսթաքովիչի ուշ շրջանին պատկանող ջութակի համար այս վերջին գոնչերթօն, որու կատարումը միշտ ալ դիւրին եւ մատչելի չէ, ունի առեղծուածային յօրինում մը եւ կը պահանջէ այնպիսի մեկնաբանութիւն մը, որ կարենայ ցոյց տալ, թէ այս ստեղծագործութեան մէջ նաեւ լեզու մը թաքնուած է: Խաչատրեան յաջողեցաւ ազատագրել ահա ա՛յդ լեզուն, զայն խօսեցաւ յաջորդաբար իր եւ հանրութեան համարեւ այդ փոփոխութիւնը տեսնելը, անոր հետեւիլը՝ աւելի քան դիւթիչ է

Հոս, Խաչատրեան շատ տպաւորիչ մեկնաբանական շեշտադրումներ բերաւ: Արդարեւ, առաջին մասին վերջաւորութեան՝ սուր ձայներանգներուն ան կու տայ այնպիսի կշռոյթ մը, որ անոնք կը հնչեն երկինքին հասցէագրուած աղերսի մը նման, եւ այս՝ ժողովրդական պարի ոգեկոչումէն անմիջապէս առաջ: Խաչատրեան, սակայն, կը շարունակէ մնալ լուրջ, կը նուագէ այդ բաժինը փակող եղանակը արձագանգի մը նման, չի մեկնաբաներ կարճամէտ մեղեդային տարրերը որպէս ընդմիջում, այլ՝ որպէս բեկբեկուած հին աւանդութեան մը աղօտ վերյիշումը:

Պոխումի սրահի ձայնային համակարգը Խաչատրեանին թոյլ կու տայ դանդաղ երկրորդ բաժինը կատարել խոր մանրամասնութեամբ: Այն ուժգնութիւնը, որու ընդմէջէն ան գիտէ արտայայտել այդ զսպումը՝ ցնցիչ տպաւորութիւն կը ստեղծէ եւ ատով ալ իր արուեստին վարպետութիւնը ա՛լ աւելի յստակ բնոյթ կը ստանայ: Աղեղային երկա՜ր ձգումներ՝ առանց սակայն լսելու աղեղի դոյզն փոփոխութիւն. կատարեա՛լ վարպետութիւն:

Խաչատրեան, աւարտին, կատարելապէս լսելի կը դարձնէ իր յօդաւորումներու յստակութիւնը, յատկապէս՝ կատարման ամենէն զգայացունց պահուն: Իր շեշտադրումներու յստակութիւնը իրեն թոյլ կու տայ վերականգնել սրտայոյզ բնոյթը՝ բովանդակ սաստկութեամբ: Ան, որ կը նմանի հարցադրումի մը,– զոր Խաչատրեան կը սահմանէ առաջին բաժնի իր մեկնաբանութեամբ,– այնպէս կը թուի, թէ կը կլանուի կեդրոնական բաժնին՝ պատմութիւն չունեցող ժամանակի մը մէջ, նախքան վերջաւորութեան՝ Շոսթաքովիչի երկխօսութեան վերստին կեանք առնելը առօրեայ կեանքի թոհուբոհին մէջ: Եւ մինչդեռ, մենակատար ջութակի յստակ ձայնանիշերը կը թուին հարց տալ, թէ ատիկա իսկապէս գալո՞ւստ մըն է, թէ՞ ցնորք մը: Առաջին բաժնի կեդրոնական եղանակներէն մէկուն մեկնաբանումը կը յառաջացնէ ալեկոծ եւ վաղանցիկ մթնոլորտ մը: Հոն, ուր ներկայ ժամանակի ալեկոծումը կը պատէ ամէն ինչ, ուր երաժշտութիւնը կը հայի ներկայ պահուն, ամէն ինչ հալածանք է եւ զսպուածութեան բացակայութիւն: Մեծ քաղաքի կեանքը խորհրդանշող եղանակ մը: Բնութեան ոչ մէկ ներդաշնակութիւն կը բերէ որեւէ սփոփում կամ նոր կարգ մը:

Խաչատրեան, հազուագիւտ վարպետութեամբ մը կը յաջողի ձեւաւորել եւ ներկայացնել գեղակերտութիւն մը՝ արտայայտչական իր բոլոր ծաւալներով, սակայն առանց երբեք պատճառելու թատերական որեւէ բեմադրութեան տպաւորութիւն:

Երիտասարդ ջութակահարը հանդիսատեսներու երկարատեւ ծափահարութեանց ընդառաջելով՝ վերադարձաւ բեմ: Այնուհետեւ սրահը լեցուեցաւ հին մեղեդիով մը՝ Նարեկացիի մեղմ, փխրուն եւ անսահմանօրէն յուզիչ «Հաւուն Հաւուն»-ով:

Տպաւորիչ երաժշտական իրադարձութիւն մը, որու հնչիւնները երկար ժամանակ պիտի արձագանգեն:

 

Մ.Տ.

Պոխում 


Նիւթը ՝ «Նոր Յառաջ»