image
Հրատապ լուրեր:

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները այցելած են Մեսրոպեան վարժարան

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները այցելած են Մեսրոպեան վարժարան

Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Ա. եւ Բ. ընծայարանի սաները, գլխաւորութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի, ժամանեցին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանՔառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին, դպրեվանքի առաքելութեան եւ աւանդութեան մաս կը կազմէ լիբանանահայ զանազան վարժարաններու եւ հաստատութիւններու այցելութիւնները, անոնց խօսելու պահեցողութեան խորհուրդին եւ դպրեվանքի առաքելութեան մասին:  

Վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ դպրեվանեցիները հիւրընկալեց իր գրասենեակին մէջ, ուր անոնց ամփոփ ձեւով ներկայացուց Մեսրոպեանի առաքելութիւնն ու ծրագիրները: Ապա, տեղի ունեցան առանձին երկու հանդիպումներ` միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն հետ` “Ֆարաճեան” սրահին մէջ, ուր հիւրերուն կողմէ պատրաստուած յայտագիր մը ներկայացուեցաւ:

Բացման խօսքը կատարեց Տեմիս Այվազեան, որ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց դպրեվանքի առաքելութիւնը: Ապա, հերթաբար երգուեցան Արեւագալի հոգեշունչ շարականներէն պատառիկներ, որմէ ետք Բարշ. Աբրահամ Սրկ. Տէկիրմէնճեան խօսեցաւ պահքի եւ աղօթքի կարեւորութեան մասին: Բարշ. Նուպար Կիս. Փամփալեան ներկայացուց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրը: Յայտագրի փակումը կատարեց Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան, որմէ ետք Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ՝ Արժանապատիւ Տ. Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան իր անհուն ուրախութիւնն ու սրտի խօսքը յայտնեց վարժարանի ուսանողներուն եւ դպրեվանեցիներուն: Պրն. Կրէկուար Գալուստ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց դպրեվանեցիներուն, որմէ ետք դպրեվանքին կողմէ յուշանուէր մը փոխանցուեցաւ պրն. տնօրէնին:

Աւարտին, բոլորը միասին Մեսրոպեանի շրջափակին կեդրոնը գտնուող Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողին դիմաց խմբանկար մը առնելով եզրափակեցին այս պատմական օրը:

(Տեղեկատուութիւնը հիմնուած է Դպրեվանքի տարածած հաղորդագրութեան վրայ)

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի