image
Հրատապ լուրեր:

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի այցելած է ԹՈՒՄՕ կեդրոն

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի այցելած է ԹՈՒՄՕ կեդրոն

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին այցելած է Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնը եւ ծանօթացած է անոր կրթական ծրագիրին:

Վրաստանի նախագահը Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան  նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի ուղեկցութեամբ շրջեցած է կեդրոնի զանազան բաժինները:

ԹՈՒՄՕի զարգացման գծով տնօրէն Բեկոր Փափազեան Վրաստանի նախագահին ներկայացուցած է ընթացիկ նախագիծերը:

«Վրաստանի մեր նոր արհեստագիտութեան ամբողջութեան մէջ «սթարթափ»ներու միջավայրի համակարգ ունինք, եւ ԹՈՒՄՕի նման նախագիծ մը հիանալի լրացում կրնայ հանդիսանալ», նշած է նախագահ Զուրապիշվիլի: