image
Հրատապ լուրեր:

Սփիւռքահայ արուեստագէտներու աշխատանքներու ցուցահանդէս Երեւանի մէջ

Սփիւռքահայ արուեստագէտներու աշխատանքներու ցուցահանդէս Երեւանի մէջ

15 Մարտին, Երեւանի մէջ, Ալպերթ եւ Թովէ Պոյաճեան պատկերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ եւ ֆրանսաբնակ յայտնի գեղանկարիչ Տիգրան Տատէրեանի եւ հայրենադարձ քանդակագործ Գէորգ Ճորճ Գասսապեանի աշխատանքներու  ցուցադրութիւնը:

Յայտնի գեղանկարիչ Տիգրան Տատէրեան ծնած է Պէյրութ 1929-ին: Մանկութեան տարիները անցուցած է Զահլէ: Յաճախած  է Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանը, այնուհետեւ` Փարիզի արուեստներու ազգային դպրոցը, Կոետսի ակադեմիա եւ Կրան Շոմիեր ակադեմիա: 1957-էն սկսած հանդէս  եկած է  շարք մը անհատական եւ այլ նկարիչներու հետ համատեղ ցուցադրութիւններով Հայաստանի, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ: Դասաւանդած է Կոետսի ակադեմիոյ մէջ, որ 1983-ին վերանուանուած է Կոետս-Տատէրեան ակադեմիա (Acadռmie Goetz-Daderian):

Գէորգ-Ճորճ Գասապեան ծնած է Հալէպ: 1963-ին աւարտած է Հալէպի ՀԲԸՄ Լազար Նաճարեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան դպրոցը, 1967-ին` Բրիտանական Ուսուցողական հիմնարկի Ճարտարագիտութեան բաժինը, 1969-ին` Թորոնթոյի համալսարանի Համակարգչային ծրագրաւորում բաժինը, 1973-ին` Արեւմտեան Օնթարիոյ համալսարանի գեղարուեստի բաժինը: 1977-1981 եղած է Tempo and screen printing center-ի, 1981-1999` Manufacturing polyurethane injection machinery-ի, 1999-1903` Canadian Polyurethane & Solar research center–ի սեփականատէր եւ գործադիր տնօրէն: 1975-էն Գանատայի քանդակագործներու հասարակութեան անդամ: