image

Պատմութեան մէջ չորս սարսափելի ցեղասպանութիւններ. Times Square Chronicles-ի անդրադարձը Հայոց ցեղասպանութեան

Պատմութեան մէջ չորս սարսափելի ցեղասպանութիւններ. Times Square Chronicles-ի անդրադարձը Հայոց ցեղասպանութեան

Ամերիկեան Times Square Chronicles թերթը «Պատմութեան մէջ չորս սարսափելի ցեղասպանութիւնները. Ողբերգութիւնը երբեւէ պիտի աւարտի՞» խոգիրը կրող յօդուածով մը անդրադարձած է մարդկութեան պատմութեան չորս ամենասարսափելի ցեղասպանութիւններուն, որոնց մէջ ներառած է նաեւ 1915-ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Պատմութիւնը լի է սարսափելի իրադարձութիւններով, որոնց շարքին վատագոյնը ցեղասպանութիւններն են, որոնք արդարացում չունին ու երբեք ալ չեն կրնար ունենալ: Սակայն, անոնք կը շարունակեն տեղի ունենալ` սովորաբար քաղաքական խումբերու նախաձեռնութեամբ ու ձեռքով: Սա կը նշանակէ, որ այս սարսափելի իրադարձութիւնները տեղի կ’ունենան այնքան ժամանակ, քանի դեռ ինչ-որ մէկը ատոնք կանխելու արդիւնաւէտ միջոց չէ հնարած9,- ըսուած է անդրադարձի նախաբանին մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բաժինին մէջ Times Square Chronicles-ը կը գրէ, որ 1,5 միլիոն մարդու կեանք խլած ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս կը համարուի մարդկութեան պատմութեան առաջին ժամանակակից ցեղասպանութիւնը:

«Այս սարսափին հետեւանքով զոհերուն թիւը կրնար աւելի քիչ ըլլալ, սակայն այն 1,5 միլիոնը հայկական բնակչութեան 50%-ը կը կազմէր: Զանգուածային բնաջնջման սկզբնական թիրախը առողջ տղամարդիկ էին, որու հետեւանքով գրեթէ անհնար դարձաւ վերականգնել բնակչութիւնը: Թուրքիա առ այսօր կը հրաժարի այդ յանցանքները որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալէն»,-կը գրէ աղբիւրը:

Ընդհանուր առմամբ, թերթին առանձնացուցած 4 ամենասարսափելի ցեղասպանութիւններոի շարքին է հրէաներու Հոլոքոսթը (1941-1945, աւելի քան 6 միլիոն զոհ), Ուքրանիոյ, Քուպանի եւ Ղազախստանի տարածքին տեղի ունեցած Հոլոտոմորը (1932-1933, աւելի քան 10 միլիոն մարդ), Քամպուտիայի ցեղասպանութիւնը (1975-1979, աւելի քան 3 միլիոն զոհ):

 

Լուրը՝ Tert.am-էն