image

Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերու թեմայով նոր ֆիլմ

Թուրքիոյ մէջ  իսլամացուած հայերու թեմայով նոր ֆիլմ

Թուրքիոյ մէջ աւարտած են Տիարպեքիրի Էղիլ շրջանի բռնի իսլամացած հայերու մասին պատմող վաւերագրական ֆիլմի նկարահանումները, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը:

«Պահուած խաչ» վերնագիրով ֆիլմը կը պատմէ 1915-ին ու անկէ ետք Էղիլի մէջ ապրած հայերու ճակատագրի մասին` աւելի շատ կեդրոնանալով իսլամացուած հայերու ինքնութեան ճգնաժամի, ցեղասպանութենէն ետք անոնց կրած հոգեկան վէրքերու ու իրենց սերունդներուն պատմած պատմութիւններուն վրայ:

Ֆիլմը, որուն նկարահանումները աւարտուած են օրերս, հանդիսատեսի դատին պիտի յանձնուի Ապրիլին:

«Պահուած խաչ»-ի բեմադրիչներն են լրագրողներ Ալթան Սանջարն ու Սերհաթ Թեմելը: Ֆիլմի նկարահանումներուն համար հեղինակները հանդիպած ու խօսած են բռնի իսլամացած հայերու 1-ին սերունդը համարուող 75-էն բարձր տարիքի մարդոց, ինչպէս նաեւ անոնց հարազատներուն հետ: Հեղինակները պատմութիւնները լսած են նաեւ իսլամացած հայերու 2-րդ սերունդէն, որոնց տարիքային խումբը 40-էն բարձր է:

«Պահուած խաչ»-ի նկարահանումները աւարտած են, սակայն դեռ պէտք է կատարուին մոնթաժային ու ձայնային աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ֆիլմի համար պէտք է երաժշտութիւն գրուի: Այս բոլոր աշխատանքները աւարտին հասցնելու համար համացանցին մէջ աջակցութեան արշաւի  նախաձեռնած են: Կը նշուի, որ ֆիլմի երաժշտութիւնը պիտի ձայնագրուի Հայաստանի մէջ:

Ֆիլմին հեղինակները իրենց կատարած աշխատանքի նպատակը ներկայացնելու համար հետեւեալ ծանօթագրութիւնը հրապարակած են:

«Նախապէս հայերուն յատուկ թիթեղագործութեան ու թամբագործութեան արհեստները շրջանին մէջ այսօր կը շարունակեն իսլամացած հայերուի սերունդները: Կ՛ենթադրուի, որ 1915-էն ետք շրջանին մէջ իսլամացած առնուազն 20 տուն կայ: Մնացած հայերը, որոնք կը ձեւաւորէին շրջանի բնակչութիւնը, 1915-ին սպաննուած են կամ բռնագաղթած: Յայտնի է, որ իսլամացած հայերու ազգականները, յատկապէս մօրեղբայրներն ու մօրաքոյրները հեռացած են ԱՄՆ, Հայաստան կամ Սուրիա: Եթէ այսօր նոյնիսկ անոնք ողջ ալ չեն, անոնց երեխաները ողջ են ու տեղեկութիւններ ունին շրջանի մասին:

Յայտնի է, որ Թուրքիոյ մէջ այս իրավիճակի մէջ գտնուող բազմաթիւ բնակավայրեր կան եւ հազարաւոր իսլամացած հայերու ընտանիքներ: Այս ինքնութեան հետ ապրիլ ձգտող մարդիկ ո՛չ կրնան հաշտուիլ նոր ինքնութեան հետ, ո՛չ ալ կրնան վերադառնալ իրենց նախկին հայկական ինքնութեանը: Էղիլի մէջ ապրող իսլամացած հայերու նկատելի առանձնայատկութիւնը այն է, որ քիչ ջանք չեն թափեր իրենց նախկին ինքնութիւնը իրենց երեխաներուն փոխանցելու համար:

Շրջանի բազմաթիւ ընտանիքներ գիտեն իրենց նախկին ինքնութեան մասին եւ այդ ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն: Բայց պաշտօնական մակարդակով անցեալի բնակչութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ որեւէ աշխատանք կը կատարուի: Զուտ սիւննի իսլամական ինքնութիւնը առաջ մղելով` կ՛անտեսուի շրջանի նախկին ինքնութիւնը` յօգուտ պաշտօնական պատմագրութեան»: