image

Շուէտի խորհրդարանի փոխխօսնակը Ծիծեռնակաբերդ այցելեց (Լուսանկարներ)

Շուէտի խորհրդարանի փոխխօսնակը Ծիծեռնակաբերդ այցելեց (Լուսանկարներ)

Շուէտի Թագաւորութեան խորհրդարանի երկրորդ փոխխօսնակ Լոթթա Եոնսոն Ֆորնարվէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Լենա Նազարեանի ուղեկցութեամբ 9 մարտին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, կը տեղեկացնէ ԱԺ մամլոյ ծառայութիւնը:

Լոթթա Եոնսոն Ֆորնարվէն ծաղկեպսակ դրած է Հայոց մեծ եղեռնի յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ ծաղիկներ խոնարհած անմար կրակի մօտ, լռութեամբ յարգելով սուրբ նահատակներու յիշատակը։

Հիւրերը եղած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած՝ հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը հաւաստող վաւերագրերուն, դիտած՝ ցուցանմուշները, գրառում կատարած յուշամատեանին մէջ։

Շուէտի խորհրդարանի փոխխօսնակը նշած է, որ իր երկրի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ աւելցնելով. «Մենք միշտ կը յիշենք հայոց մեծ ողբերգութիւնը եւ ամէն տարի յիշատակի արարողութիւններ կ'ըլլան մեր խորհրդարանին մէջ: Այս տարի նոյնպէս ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ»: