image
Հրատապ լուրեր:

Ցնցիչ ողբերգութիւն Գանատայի մէջ. Զոհուած են սուրիացի ընտանիքի մը 7 զաւակները

Ցնցիչ ողբերգութիւն Գանատայի մէջ. Զոհուած են սուրիացի ընտանիքի մը    7 զաւակները

Սուրիացի ընտանիք մը  մեծ ողբերգութեան զոհ գացած է Գանատայի մէջ: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Արապիյա» կայանը, յղում ընելով գանատական աղբիւրներու։

Աղբիւրը նաեւ  կը յայտնէ, որ 2017 թուականին Սուրիոյ  պատերազմէն  խոյս տուած  եւ նոր կեանք  սկսելու համար Գանատա հասած Պարհօ ընտանիքի անդամ եօթը  երեխաները զոհ գացած են իրենց բնակարանը հրոյ ճարակ դարձուցած հրդեհին։

Կը նշուի, որ դէպքը  տեղի ունեցած է Գանատայի  Հալիֆաքս նահանգին մէջ։

«Ալ Արապիյա» նաեւ կը  հաղորդէ, որ  երեխաներուն (ամենամեծը՝  17 եւ ամենափոքրը՝  3 տարեկան) թաղման եւ վերջին յարգանքի  օրը տակաւին չէ որոշուած, տրուած ըլլալով, որ անոնց  հիւանդանոցը գտնուող մայրը՝ Քաուսար  գանատական մարմիններէն խնդրած է արտօնութիւն տալ, իր այն ազգականներուն, որոնք կը գտնուին Լիբանան եւ պատրաստ են  յուղարկաւորութեան համար  հասնիլ  Գանատա։

Կը  նշուի նաեւ, որ եղած ողբերգութիւնէն ետք մեծ  թիւով գանատացի նուիրատուներ գումար հաւաքած են  օժանդակելու համար աղէտահար ընտանիքի ծնողներուն։

Յիշեցնենք, որ այս առաջին դէպքը չէ, որ կը կատարուի սուրիացի  փախստականներու պարագային եւ նմանօրինակ տասնեակ դէպքեր  գրանցուած են սուրիացիներու յատկացուած Լիբանանի գաղթակայաններուն մէջ։