image

Կեսարիոյ մէջ 13-րդ դարու հայկական Սրբանկար մը գտնուած է

Կեսարիոյ մէջ 13-րդ դարու հայկական Սրբանկար մը գտնուած է

Կեսարիոյ ապահովութեան ուժերու փախստականութեան յանցագործութեան բաժինը յայտնաբերած է պատմական սրբանկար մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»ը:

Ոստիկանները կասկածելիի մը աշխատանոցին մէջ գտած են 13րդ դարու մեծաչափ նկար մը, որուն վրայ պատկերուած է Յիսուսի խաչելութիւնը: Խաչուած Յիսուսի եւ թախիծով իրեն նայող կնոջ մը եւ երկու տղամարդոց կերպարներուն կողքին, կտաւին վրայ կան նաեւ հայերէն գրութիւններ:

Կասկածելին ձերբակալուած է, իսկ նկարին պատմական նշանակութեան համար ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին: