image

Մեծ հրդեհ մը Լիբանանի Նապաթիյէ շրջանին մէջ. Կան 11 վիրաւորներ

Մեծ հրդեհ մը Լիբանանի Նապաթիյէ շրջանին մէջ. Կան 11 վիրաւորներ

Երէկ մեծ հրդեհ մը ծագած է Լիբանանի հարաւային Նապաթիյէ քաղաքին մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Լիբանանի լրատուական պետական գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հրդեհը ծագած է «Հայ Ալ-Ռահիպաթ» անունով յայտնի փողոցին մէջ գտնուող շէնքի մը մէջ, որուն հետեւանքով 11 անձեր ծանր այրուածքներ ստանալէ ետք, փոխադրուած են հիւանդանոց:

Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ Լիբանանի պատկան մարմինները քննութիւն բացած են դէպքին շուրջ: