image

Մայրենին ինքնութիւն է, պատիւդ ..Զարգացո՛ւր մայրենի լեզուդ. Կարօ Փայլանի գրառումը Մայրենի լեզուի օրուան առիթիւ

Մայրենին ինքնութիւն է, պատիւդ ..Զարգացո՛ւր մայրենի լեզուդ. Կարօ Փայլանի գրառումը Մայրենի լեզուի օրուան առիթիւ
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ անդամ Կարօ Փայլանը, իր Facebook-ի եւ Twitter-ի էջերուն վրայ գրառում կատարած է: Բացի գրառումէն, ԺԴԿ կուսակցութեան տեսաուղերձով հայերէն ուղերձ մը յղած է. «Համառօրէն մեր մայրենին պիտի խօսինք: Պիտի խօսինք հայերէն, համշեներէն, քրտերէն, արաբերէն, լազերէն: Պիտի խօսինք, պիտի կարդանք, պիտի մտածենք մեր մայրենիով»: Իսկ հասարակական ցանցերու վրայ հրապարակած է հետեւեալ ուղերձը.

«Մայրենին` խաղաղութիւն է։
Մայրենին` արդարութիւն է։
Մայրենին` համերաշխութիւն է, հաւասարութիւն։
Մայրենին ինքնութիւն է, պատիւդ է…
Զարգացո՛ւր մայրենի լեզուդ…»