image

Պէյրութ.Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտը «Ալ Պայան» արաբերէն շարադրութեան մրցումի մրցանակակիր

Պէյրութ.Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտը  «Ալ Պայան» արաբերէն շարադրութեան մրցումի մրցանակակիր

Պէյրութի Հայ  Կաթողիկէ վարժարանի  11-րդ դասարանի աշակերտ՝  Ռոպեր Թոռանեան, արաբերէն լեզուով շարադրութեան մրցանակ շահած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Մեսրոպեան վարժարանի պատասխանատուներէն։

Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Ռոպեր Թոռանեան մասնակցած է «Ալ Պայան» արաբերէն շարադրութեան  մրցումին եւ գրաւած է երրորդ պատուաբեր դիրքը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ արաբերէն շարադրութեան  մրցումը ամէն տարի կը կազմակերպուի Կոկիկեան Հիմնարկին կողմէ, քաջալերելու համար արաբերէնի իմացութիւնը՝ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան շրջանակին մէջ: