image

«Զիս մի մոռնար Ռուսաստան». Պոլսահայ լրագրողը հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք Թուրքիա հաստատուած ռուսերուն մասին գիրք հրապարակած է

«Զիս մի մոռնար Ռուսաստան». Պոլսահայ լրագրողը հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք Թուրքիա հաստատուած ռուսերուն մասին գիրք հրապարակած է

Օրերս Պոլսոյ  մէջ հրապարակուած է լրագրող Վերճիհան Զիֆլիօղլուի նոր  հատորը, որ կը կոչուի «Beni Unutma Rusyam»։ Այս  մասին SHANTNEWS.am տեղեկութիւն ստացավ Պոլիսէն:

Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ նորատիպ հատորը շուրջ եօթ տարուան ընթացքին հեղինակին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ պատրաստուած է։

Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան ընթացքին եւ աւելի վերջ ռուսաց Նիքոլայ ցարի Սպիտակ բանակէն զինուորներ եւ ազնուականներ ապաստան գտան աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ՝ ներառեալ Թուրքիան։ Այդ շրջանին Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած Սպիտակ ռուսերու թիւը կը հասնէր 300 հազարի։

Վերճիհան Զիֆլիօղլու ուշադրութեամբ հետեւած է անոնց հետքերուն։ Ուսումնասիրութեան համար քանիցս այցելած է Ռուսաստան, հանդիպումներ ունեցած է կենդանի վկաներու հետ։ Գործին բովանդակութիւնը հետաքրքրական դարձած է շնորհիւ այն անտիպ լուսանկարներուն, որոնք տեղ գտած են այնտեղ։

Գիրքին մէջ խոշորացոյցի տակ առնուած կերպարներու ոմանց պարագային խնդրոյ առարկայ են հայկական արմատներ։ Թրքերէնով  տպագրուած  այս հատորին ներկայացման  շարք մը միջոցառումներ պիտի կայացուին մօտիկ  ապագային: