image

Վիեննա-Անգարա նոր տագնապ. Պատճառը «գորշ գայլեր»ն են

Վիեննա-Անգարա նոր տագնապ. Պատճառը «գորշ գայլեր»ն են

Թուրքիան դժգոհ է «գորշ գայլեր» անուանմամբ յայտնի թուրք ազգայնականներու ողջոյնի ժեստը արգիլելու Աւստրիոյ որոշումէն։

«Մենք այն չենք ընդունիր եւ վստահաբար կը դատապարտենք»,- ըսուած է Թուրքիոյ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։ Անոնք որոշումը կը համարեն «աղմկայարոյց»՝ նկատի առնելով այն, որ «Թուրքիոյ քաղաքական օրինական կուսակցութեան խորհրդանիշը նոյն ցուցակին մէջ է, ինչ որ «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան» խորհրդանիշը»։

Անգարան Աւստրիոյ կոչ ըրած է «ուղղել այդ սխալը»՝ յայտարարելով, որ այն «խոր վիրաւորանք կը հասցնէ Թուրքիոյ եւ Աւստրիոյ յարաբերութիւններուն»։

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ աւստրիական օրէնսդրութեան մէջ կատարուած են փոփոխութիւններ, որոնք կ'արգիլեն ծայրայեղական կազմակերպութիւններու խորհրդանիշները երկրին մէջ։