image

Լեւոն Աղասեանի փայլուն յաղթանակները Պոլսոյ մէջ

Լեւոն Աղասեանի փայլուն յաղթանակները Պոլսոյ մէջ

Պոլսոյ մէջ կ'ընթանայ աթլեթիքայի Պալքանեան երկիրներու ձմեռնային 24-րդ առաջնութիւնը։ Հայաստանը ներկայացնող եռացատկորդ Լեւոն Աղասեանը իր ասպարէզին մէջ 5-րդ անգամ հռչակուած է այս մրցաշարի ախոյեան: Ան այս անգամ գրանցած է 16մ 71սմ արդիւնք։

Աղասեանը գերազանցած է ատրպէյճանցի Նազիմ Պապաեւին ու թուրք Չան Օզիփեկին, որոնք զբաղեցուցած են համապատասխանաբար 2-րդ եւ 3-րդ հորիզոնականները։

Հայաստանի ներկայացուցիչներէն միւսը՝ Երուանդ Մկրտչեանը, 1500մ վազքի մէջ դարձած է պրոնզէ մետալակիր: Ան Պալքանեան երկրներու ձմեռնային առաջնութեան մէջ 3-րդ հորիզոնականը զբաղցուցած է 2-րդ տարին անընդմէջ։