image

Թուրքիոյ մէջ վանտալիզմի հերթական դրսեւորում հայկական եկեղեցւոյ նկատմամբ (լուսանկարներ)

Թուրքիոյ մէջ վանտալիզմի հերթական դրսեւորում հայկական եկեղեցւոյ նկատմամբ  (լուսանկարներ)

Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքի Պաքըրքէոյ շրջանի Զէյինլիք թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Ծնունդ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատերուն վրայ յայտնուած են ներկանիւթերով գրութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ նշելով, թէ իրենց լուսանկարչական մեքենան լուսանկարած է եկեղեցւոյ պատերուն վրայ յայտնուած գրութիւնները:

Ուշագրաւ է, որ եկեղեցւոյ պատերուն կ՝երեւի «OHB» ստորագրութիւնը. այսպէս կը կոչուի Պոլսոյ կրաֆիթի ընող ամենաաշխոյժ խումբերէն մէկը:

Քրիստոնեաներու սրբավայրի հանդէպ վանտալութեան դրսեւորումը եւ հաւատացեալներու զգացմունքներուն նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքը Թուրքիոյ մէջ նոր երեւոյթ չէ:

Տարիներ առաջ, նոյնպէս, այս եկեղեցւոյ պատերը պղծուած էին: Թէեւ 2018-ին այդ գրութիւնները կապոյտ ներկով քօղարկուած էին, այնուամենայնիւ, այսօր պատերը կրկին լի են գրութիւններով` անվայել, տարաբնոյթ, անհասկնալի բովանդակութեամբ:

Բացի այդ, նախորդ տարուան Ապրիլին, Պոլսոյ Քատըքէոյ վարչական շրջանին մէջ գտնուող «Սուրբ Թագաւոր» հայկական եկեղեցին յայտնուած էր ազգայնականներու թիրախին: Անյայտ անձ մը, եկեղեցւոյ մուտքին մօտ աղբաման դատարկած էր, իսկ շէնքի պատին գրած էր՝ «էրզրումցի. այս հայրենիքը մերն է»:

 

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Պաքըրքէոյ շրջանի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1844-ին, սուլթանական Թուրքիոյ արքունի վառօդապետ Յովհաննէս Տատեանի կողմէ` Պարութհանէի (Վառօդարան) եւ Զէյթինպուրնուի դարբնոցներու հայ բանուորներուն խնդրանքով։

Կայսերական հրամանով՝ եկեղեցին վերանորոգուած է 1847-ին, իսկ վերջին վերանորոգման աշխատանքները կատարուած են 1999-ին, որմէ ետք եկեղեցին վերաբացուած է Ամէն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի օծմամբ:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են Օսմանեան պետութեան մէջ լուրջ հեղինակութիւն ունեցած շարք մը անձեր, որոնք իրենց նպաստը ունեցած են Պոլսահայ համայնքային կեանքին մէջ:

Եկեղեցւոյ եւ դպրատան հիմնադիր Յովհաննէս Տատեան վախճանած է 1869-ին։

Նշենք, որ Յովհաննէս Տատեանը Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին հիմնած է Պէյքոզի թուղթի գործարանը, Էյուպի, Հերեքէյի եւ Իզմիթի կերպասեղէնի գործարանը եւ Զէյթինպուրնուի դարբնոցը։