image
Հրատապ լուրեր:

Կլատիս Պէրէճիքլեանը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ 40 ազգական կորսնցուցած է. «The Australian Weekend».

Կլատիս Պէրէճիքլեանը Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ 40 ազգական կորսնցուցած է. «The Australian Weekend».

«The Australian Weekend»-ը յօդուած հրապարակած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլատիս Պէրէճիքլեանի մասին: Facebook-ի էջին մէջ այս մասին հաղորդած է Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:

«Ինչը առաջ կը մղէ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլատիս Պէրէճիքլանը» վերնագրով յօդուածին մէջ նշուած է, որ 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Գլատիս Պէրէճիքլեանի տատիկներն ու պապիկները որբացած են:

«Անոր նախնիներու դիմացկունութեան մասին կը վկայէ անոնց ընտանիքի պատմութիւնը: Վարչապետի խօսքով՝ 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Կլատիս Պէրէճիքլեանի  տատիկներն ու պապիկները որբացած են», - գրած է թերթը՝ նշելով, որ Պէրէճիքլեանի 40 ազգականները մահացած են Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ: