image

Թալին Տէր Մինասեանի գիրքերուն ներկայացումը Փարիզի մէջ (Լուսանկարներ)

Թալին Տէր Մինասեանի գիրքերուն ներկայացումը Փարիզի մէջ (Լուսանկարներ)

4 Փետրուար 2019-ին, Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը Թալին Տէր Մինասեանը հրաւիրած էր ներկայացնելու «Les Galaxies Markarian» եւ« Norilsk : l'architecture au Goulag» գիրքերը, լոյս տեսած 2018-ին։

Երեկոյթին բացումը կատարեց եւ հեղինակը ներկայացուց Արփի Շիրվանեան, բացատրելով՝ թէ պատմաբան, CNRS-ի հետազօտող, ԻՆԱԼՔՕ-ի դասախօս, Անդրկովկասի եւ Խորհրդային Միութեան պատմութեան մասնագէտ Թալին Տէր Մինասեանի զոյգ հատորները քանի մը տարիներու արխիւային պրպտումի եւ մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան արգասիքն են։

Տիկ. Շիրվանեան հատորներուն ամփոփ պատկերին անդրադառնալէ ետք, խօսք տուաւ հեղինակին։ Ան նախ ներկայացուց «Նորիլսկ» գրքոյկը, Նորիլսկ աշխարհի հիւսիսային շրջանի ամէնէն ցուրտ քաղաքն է, որ նաեւ կը հանդիսանայ Ռուսաստանի ամէնէն ապականած նիքել արտադրող հանքավայրը։ Գիրքը կը պատմէ սովետական ճնշումներուն ենթարկուած ու աքսորուած երկու ճարտարապետներու՝ Գէորգ Քոչարի եւ Միքայէլ Մազմանեանի կտրած զարմանալի ուղիին մասին։ Անոնց առաքելութիւնն է՝ քաղաքի վերածել Նորիլ-լակը (Noril'lag), ուր տարագրուած են 1930-ական թուականներուն վերջերը, որպէսզի աշխարհէն կտրուած այս ցամաքավայրը բնակավայր դառնայ...։ «Նորիլսկ»-ը՝ գրեթէ Երեւանի ճարտարապետութեան նախատիպարով է: 

Երկրորդ գիրքը՝ «Les Galaxies Markarian», աշխարհաքաղաքական վէպ մըն է՝ իրականութեան եւ երեւակայութեան միաձուլում մը, ուր փաստերու հիման վրայ անցեալի, բայց նաեւ ժամանակակից հարցերը կը քննարկուին։ Արագած լերան հիւսիս-արեւելեան լանջերուն, Ամբերդի միջնադարեան ամրոցը միջադէպի մը թատերաբեմը կը հանդիսանայ։ Հեղինակը նշեց, թէ զինք առաջնորդող թեման զրադաշտականութիւնը եղած է,– որ նախքան իսլամութեան հաստատումը Պարսկաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրապետող կրօնական ուղղութիւնն էր,– որուն հիման վրայ ալ հիւսած է վէպը։ Այս տիպարներուն կատարած ճամբորդութիւններուն կը ներկայացուին շրջանի ժողովուրդներու խճանկարը եւ քաղաքական բարդ ու կնճռոտ հարցերը...։

Ձեռնարկի աւարտին հեղինակը ներկաներուն հետ սրտբաց զրոյց մը ունեցաւ:

 

Աղբիւրը ՝ «Համազգային»ի կայքէջ