image

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Նազարէթ Ճիկէրեանը (Մահախօսական)

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Նազարէթ Ճիկէրեանը (Մահախօսական)

Օրերս  Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած  անձնաւորութիւն ՝ Նազարէթ Ճիկէրեանը։

Ստորեւ   ներկայացուցած   գրութիւնը     հանգուցեալի  դստեր ՝ Լիզա Մանոյեան-Ճիկէրեանի  սրտի  խօսքն է։

 

Նազարէթ Ճիկէրեան ծնած է Պէյրութ, Ապրիլ 4, 1929ին։ Ան զաւակն էր Ատանացի Մարտիրոս եւ Էլիզա Ճիկէրեաններուն:

Ան յաճախած է քաղաքի Հայ Աւետարանական Գոլէճը եւ հանդիսացած է վարժարանին անդրանիկ հունձքին աշակերտներէն մէկը, որմէ ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ։

Կ՛ամուսնանայ Սիրուն Քէօշէեանին հետ, բախտաւորուելով երկու զաւակներով՝ Լիզա եւ Մարտիկ, զանոնք դաստիարակելով իբրեւ տիպար հայ քրիստոնեաներ։ Դեկտեմբեր 26ին Նազարէթն ու Սիրունը տօնեցին իրենց ամուսնութեան 54րդ ամեակը, ոչ մէկ անգամ զիրար նեղացուցած կամ վշտացուցած են, եղած են միշտ հաներաշխ զոյգ մը, եւ իրար հանդէպ ունեցած խորունկ սէրն ու յարգանքը օրինակելի դարձած էր բոլորիս համար:

Շրջան մը կօշկակարութեամբ զբաղելէ ետք, ան ապակեղէններու առուծախի խանութ մը կը բանայ Ամանոսի մէջ, հանգստաւէտ կեանք մը ապահովելով իր ընտանիքին։

Շատ կը սիրէր կարդալ, յատկապէս օրուան թերթեր, ըլլայ այդ Ազդակը կամ Ասպարէզը, որոնց ամէնահաւատարիմ ընթերցողներէն էր։ Ընթերցանութեան սէրը ինք է, որ փոխանցած էր իր զաւակներուն: Մինչեւ կեանքին վերջին օրերը հաաւատարմօրէն հետեւեցաւ լիբանանեան եւ միջազգային լուրերուն, ինչպէս նաեւ իր շատ սիրելի մարզախաղին՝ ոտնագնդակին, որուն հանդէպ իր ունեցած սէրը փոխանցած է իր թոռնիկին՝ Յովիկին, որու հետ հեռաձայնային խօսակցութիւններուն նիւթին առանցքը կ'ըլլար:

Ան բախտ ունեցաւ վայելելու իր 4 թոռնիկները՝ Մեղեդին, Յովիկը, Ճէսիքան եւ Սէրլին որոնց սիրեց անհուն սիրով, որ վստահաբար պիտի շարունակուի շիրիմէն անդին եւս։

Ան յարգուած էր բոլորէն, իր ազնիւ, բարի, Աստուածավախ, անշահախնդիր, կատակասէր նկարագրով:

Նոյնիսկ հիւանդանոցը անկողնին մէջ պառկած, երբ հիւանդապահուհին իրեն կը հաւաստացնէր, որ պիտի զօրանար անոր տուած կենսանիւթերուն պատճառով, անոր կատակելով արաբերէնով ըսաւ « افةحوا الابواب اجى العنطر  », մենք ալ կ'ըսենք.- « Բացէք երկինքի դռները, որովհետեւ մուտք պիտի գործէ շատ հրեշտակային հոգիով անձնաւորութիւն մը»:Հողը թեթեւ գայ մարմնոյդ վրայ սիրելի հայրիկս: