image

Կողոպուտի զարհուրելի դէպք Հալէպի մէջ

Կողոպուտի զարհուրելի դէպք Հալէպի մէջ

Կողոպուտի  զարհուրելի դէպք մը գրանցուած է Հալէպի մէջ։  Այս  մասին տեղեկութիւնը տրուած է  Հալէպի  մասին լուրեր հաղորդող դիմատետրի էջերէն։ Ըստ   նախնական   տուեալներու,  Հալէպի  քաղաքացի ՝ Ապտըլ Մընհէմ Աքիլի    ենթարկուած  է յարձակման     ութը անձերու կողմէ, որոնց  նպատակը եղած է  կողոպտել զինք։   Յարձակողները ոչ միայն   կողոպտած են  զինք, այլ նաեւ  աւելի քան տասնհինգ  դաշոյնի   հարուածներ տուած են  քաղաքացիին։ 

Կը նշուի նաեւ, որ    Ապտըլ Մընհէմ  ծանրօրէն  վիրաւորուելէ  ետք  փոխադրուած է Հալէպի «Ալ Ռազի»   հիւանդանոց։ 

Ոստիկանութիւնը քննութիւն բացած է  դէպքին  շուրջ։