image

Տ. Նարեկ Քհնյ. Հէճինեան դարձաւ Աւագ Քահանայ

Տ. Նարեկ Քհնյ. Հէճինեան դարձաւ Աւագ Քահանայ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 20 յունուար 2019-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:

Արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, ընդառաջելով իր խնդրանքին, աւագութեան աստիճան շնորհած է եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ քհնյ. Հէճինեանին` առ ի գնահատանք իր բազմամեայ վաստակին: Առ այդ, ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին վեհափառ հայրապետին սրբատառ կոնդակը, որ կարդաց առաջնորդ սրբազանը: Կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը կ’արժեւորէր քահանայ հօր նուիրեալ ծառայութիւնը եւ կը մաղթէր, որ այս աստիճանը խթան հանդիսանայ` շարունակելու իր ծառայութիւնը Լիբանանի հայոց թեմին մէջ:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Նարեկ Աւ. քհնյ. Հէճինեան եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ իր անունով երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր երկար տարիներու ծառայութիւնը արժանավայել կերպով գնահատած է:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն